Որոնել

Normale evoluzione per la polmonite del Papa, 'occorre tempo'

Քահանայապետին գիշերը անցաւ անդորր` արթննալէն ետք շարունակեց դարմանումները

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի 6 Մարտ 2025ի առաւօտեան թարմացումը` Ֆրանչիսկոս Պապի առողջական իրավիճակի մասին։ Արթննալէն ետքը Սրբազան շարունակած է դարմանումները
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Քսանմէկերորդ օրն ըլլալով Ֆրանչիսկոս Պապը կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց ուր կը շարունակէ թոքաբորբի դարմանումը եւ 15 Փետրուարէն ասդին ինչպէս ամէն առաւօտ այս առաւօտ եւս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը առաւօտեան ժամը 8,14ի ժամանակները հակիրճ հաղորդութեամբ մը տեղեկացուց, որ «Գիշերը անցաւ անդորր, Քահանայապետը տակաւին կը հանգչի»։

Մինչ երեկ երեկոյեան հրատարակուած այլ հաղորդագրութեան մը մէջ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած էր որ «Սրբազան Պապին առողջական վիճակը մնացած էր անփոփոխ» եւ «շնչառական անբաւարարութեան այլ դրուագներ չէին կրկնուած»։

«Օրուայ ընթացքին, Ան բարձր հոսքային թթուածնային դարմանում կատարեց, իսկ գիշերը վերսկսած է ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափոխումը» կը կարդանք միշտ երէկ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ ուր նաեւ նշուած էր թէ Նորին Սրբութիւնը «օրը անցուցած է բազկաթոռի վրայ» ու թէ «աւելցուցած է շնչառական ֆիզիոթերապիան և գործունեայ շարժիչային բուժութիւնը»։

Ան նաեւ մասնակցած էր Մոխիրներու օրհնութեան արարողութեան եւ ընդունած է Սուրբ Հաղորդութիւնը, ապա նուիրուած է որոշ աշխատանքային գործունէութեան, ի միջի այլոց հեռաձայնային կապ հաստատելով Կազայի Սուրբ Ընտանիք եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Հայր Կապրիել Ռոմանելիին հետ։

Սրբազան Քահանայապետին թոքաբորբը կը հետևի այսպիսի հիւանդութեան բուժման բնականոն զարգացումին։ Նորին Սրբութիւնը կը համագործակցի դարմանումի գործընթացին, անոր տրամադրութիւնը կը մնայ լաւ։ Բժիշկները կ՛ընդգծեն վերջին երկու օրերու տագնապներու բացակայութիւնը, սակայն հետագայ գնահատումներու համար ժամանակ պէտք է։ Բուժարանային պատկերը կը մնայ կայուն, բայց բարդ իրավիճակի մը շրջագիծէն ներս։

Այսօր արթննալէն յետոյ Սրբազան Պապը շարունակեց դարմանման գործընթացքը, որուն շարքին` շարժողական ֆիզիոթերապիան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2025, 08:20