2025.03.08 Pellegrinaggio Misericordie Gemelli

Անդորր գիշեր մը Քահանայապետին համար Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը թարմացնելով անցեալ 14 Փետրուարէն Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուող Սրբազան Պապին առողջութեան մասին լուրերը այսօր առաւօտեան տեղեկացուց որ Նորին Սրբութիւնը այսօր եւս ունեցաւ անդորր գիշեր մը։
Ունկնդրէ Քահանայապետին հայող այս եւ այլ լուրեր

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Սրբազան Պապը ունեցաւ անդորր գիշեր մը եւ այժմ կը հանգչի». Այս հակիրճ երկտողով Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը` երկուշաբթի 10 Մարտի առաւօտեան ժամը 8,24 անց թարմացուց անցեալ 14 Փետրուարէն Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուող Սրբազան Պապին առողջութեան մասին լուրերը

Իսկ երէկ` ըստ լատինաց Քառասնորդացի առաջին Կիրակիին առիթով, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած էր` որ Նորին Սրբութիւնը մասնակցած էր պատարագի, ընդունած էր Կարդինալ Փարոլինի եւ գերապ. Փենիա Փառան այցը, ապա երեկոյեան հերակապ կապով մասնակցած էր Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ սկիզբ առնող Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր կրթութիւններու առաջին նիստին, որ կը գլխաւորէ Քահանայապետական Տան Քարոզիչը` Հայր Ռոպերթօ Փազոլոնին։

Նորին Սրբութիւնը կը շարունակէ շնչառական եւ շարժողական ֆիզիոթերափիան, եւ անոր առողջական իրավիճակը կը մնայ կայուն, թեթեւ աստիճանական բարելաւումի հետքերով, թէեւ առողջական ընդհանուր պատկերը կը մնայ բարդ ու այս մէկը բժիշկները կը մղէ խոհեմ կերպով կանխատեսումը պահպանելու վերապահութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը այսօր արթննալէն ետքը, շարունակեց դարմանական գործընթացքը եւ գիշերուայ ոչ ինվազիւ մեխանիկական օդափուխումէն ետքը, առաւօտեան վերսկսաւ թթուածնային բարձր հոսքի կիրառումը։

Այսօր առաւօտեան եւս ան հերակապով հետեւեցաւ Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր կրթութեան նիստին, որ սկիզբ առաւ երէկ կէսօրէն ետքը, հոգեւորապէս միանալով հոգեւոր կրթութեան մասնակիցներուն։

Այսօր կէսօրէն ետք ժամը 5ին կայանալիք նիստէն սկսեալ կարելի պիտի ըլլայ Վատիկան Նիուզի միջոցաւ ուղիղ եթերով հետեւիլ Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր կրթութեան նիստերուն որուն ժամը վեցի ժամանակները պիտի հետեւի Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան նուիրուած Վարդարանի աղօթքը, միշտ Պօղոս Զ անուան սրահէն, ուր եւ տեղի կ՜ունենան հոգեւոր կրթութիւնը։

Սրբազան Պապը տեղեկացուցած Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղի մասին եւ ան իր մօտիկութիւնը կ՛արտայայտէ անոր թիրախ դարձած անձերուն։

Իրավիճակը կը թուայ կայուն բարդ համապատկերի մը ներքոյ որուն հետեւանքով կանխատեսումը խոհեմաբար կը մնայ վերապահութեամբ։

Լուրին թարմացումը ժամը 12,33

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2025, 08:45