Որոնել

Ուխտաւորներ Ուխտաւորներ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին յոյսի եւ հաւատքի պատգամը՝ Չեխիոյ հաւատացեալներուն

Մեր հաւատքը պարգեւ չէ՝ որ պէտք ենք պահել մեզի համար, այլ գանձ է որ պէտք է կիսուի ուրախութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ։

Վազզգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յոյսի նուիրուած յոբելինական սուրբ տարուան առթիւ, Չեխիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կազմակերպութեամբ, Չեխիայէն աւելի քան 2000 հաւատացեալներ ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանեցին անցնելու համար Սուրբ Պետրոսի տաճարի սուրբ դուռէն ու վերանորոգելու իրենց հաւատքը։

Չեխիոյ հանրապետութեան հաւատացեալներուն ուխտագնացութիւնը սկսաւ ուրբաթ, 28 մարտին, Սուրբ Կիւրեղ դամբարանի մօտ աղօթքով՝ Սուրբ Քլէմնթէյի տաճարին մէջ, յիշելու համար քրիստոնէական արմատներով այն երկիրը որ շնորհիւ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբերուն ունեցաւ Սուրբ Գիրգն ու Սլաւ լեզուով թարգմանուած ծիսական գիրքերը։

Այսօր 29 մարտին, յետմիջօրէին ժամը 3ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ուխտաւորները մասնակցեցան կարդինալ Տոմինիք Տուքային գլխաւորած սուրբ պատարագին, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ու կարդինալ Չեռնի փոխանցեց իր ողջոյնի խօսքը։

«Թէեւ չկարողացայ Ֆիզիքապէս ներկայ գտնուիլ, ամոքումի պատճառով, ամուր կապ կը զգամ բոլորիդ հետ, աղօթքի միջոցաւ եւ հաւատքը ամրապնդելու փափաքով», նշեցէ Նորին Սրբութիւնը Չեխիոյ հաւատացեալներուն ուղղած իր պատգամին մէջ։ Ինչ կը վերաբերի ուխտագնացութեան Ֆրանչիսկոս Պապ գրեց թէ ուխտագնացութիւնը, ոչ միայն կը ներկայացնէ ֆիզիքական ճամբորդութիւն մը դէպի Սուրբ Վայր, այլ հոգեւոր վերանորոգումի ներքին ուղեւորութիւն մը, աւելցնելով, « Հռոմի մէջ ձեր ներկայութիւնը այս յոբելինական Սուրբ Տարուան ընթացքին, արտայայտութիւնն է այս վերանորոգումին եւ վկայութիւնը մեր ընդհանուր հաւատքին»։

Չեխիոյ հանրապետութեան հաւատքի վկայութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ գրեց, որ Չեխիոյ հանրապետութիւնը հարուստ է քրիստոնեայ աւանդութեամբ, լուսաւորուած Սուրբ Ատալպերթոյի, Կիւրեղի եւ Մեթոտիոսի վկայութեամբ։ Այս սուրբերը քաջութեամբ եւ համբերութեամբ փոխանցեցին աւետարանը, դիմագրաւելով բազմաթիւ խոչընդոտներ՝ հաւատքի լոյսի տարածելու համար։ Անոնց կեանքը մեզի կը սորվեցնէ, որ քրիստոնեայ առաքելութիւնը չհիմնուիր անմիջական լուծումներուն վրայ, այլ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութեան վրայ, ինչպէս նաեւ Աւետարանը հռչակելու մշտական յանձնառութեան վրայ։

Առատաձեռնութեան ուժը

Մեր հաւատքի ճամբորդութեան մէջ կանչուած ենք նուիրելու այն ինչ, որ ենք եւ այն ինչ որ ունինք, նոյնիսկ եթէ անոնք քիչ կը թուին։ Հինգ հացերու եւ ձուկերու պատմութիւնը, (Մատթ 14, 13-21) մեզի կը սորվեցնէ, որ մենք ներդրում կը դնենք Յիսուսի ձեռքերուն մէջ, Ան զայն կը վերածէ արտասովոր բանի։ Այս սկզբունքը կը վերաբերի նաեւ հաւատքին մէջ մեր յանձնառութեան, եթէ մենք առատաձեռն սիրտով Տիրոջ վստահինք, Ան կը բազմապատկէ զայն այնպէս ինչպէս չենք կրնար պատկերացնել։


Հաղորդութեան եւ յոյսի կոչ

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց Չեխիոյ հաւատացեալները, որ հովիւները ու ժողովուրդը միասին քալեն, աջակցելով մէկու միւսին ու դառնալով խաղաղութեան եւ յոյսի վկաներ աշխարհի մը մէջ զոր մեծ կարիքը ունի, մասնաւորապէս Եւրոպային մէջ։ «Մեր հաւատքը պարգեւ չէ, որ պէտք ենք պահել մեզի համար, այլ գանձ է որ պէտք է կիսուի ուրախութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ Չեխիոյ ուխտաւորներուն ուղղած պատգամը աւարտեց յանձնելով անոնց դիտաւորութիւնները ու ուխտագնացութիւնը Տիրամօր, յոյսի Մօր, որպէսզի զանոնք ամրապնդէ հաւատքի, յոյսի եւ եղբայրսիրութեան մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ աղօթեն իր համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2025, 15:10