Լոյս տեսաւ «Կեցցէ պոէզիան» հատընտիրը, ուր ամփոփուած է Ֆրանչիսկոս Պապի բանաստեղծութեան եւ գրականութեան վերաբերեալ վարդապետութիւնը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապի Քահանայապետութեան տասներկուերորդ տարեդարձի գրեթէ աւարտին, Յիսուսեան միաբանութեան աստուածաբան եւ գրականագէտ, Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան ենթաքարտուղար Հայր Անթոնիօ Սփատարոյի խմբագրութեամբ լոյս տեսաւ «Viva la poesia – Կեցցէ պոէզիան» հատընտիրը («Ares» հրատարակչատուն, Միլան 2025 թ. մարտ, 224 էջ, 18,50 եւրօ), ուր ամփոփուած է պոէզիայի եւ գրականութեան վերաբերեալ Պապի եզակի վարդապետութիւնը՝ քաղուած Անոր առաքելական յորդորներէն, ճառերէն ու պատգամներէն, ինչպէս նաեւ նախաբաններէն, հարցազրոյցներէն եւ անձնական նամակներէն, որու մէջ առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ 2024 թուականի 17 Յուլիսին «Ֆրանչիսկոս Պապին գրականութեան դերի մասին նամակը » եւ Անոր «Նամակը բանաստեղծներուն»՝ հրատարակուած «Versi a Dio. Antologia della poesia religiosa - Ոտանաւորներ առ Աստուած: Կրօնական պոէզիայի հատընտիր» գիրքին մէջ, որ նոյնպէս հրատարակուած է 2024 թուականին։
Պոէզիան կ’օգնէ մեզ բոլորիս մարդ ըլլալ
Հայր Սփատարոն այս իւրայատուկ հաւաքածուի մէջ ցոյց կու տայ պոէզիայի կարեւորութիւնը Ֆրանչիսկոսի մտածելակերպի մէջ Քահանայապետի իսկ խօսքերով ՝ բացայայտելով Անոր վարդապետութեան եւ գրական աւանդոյթի միջեւ խոր կապը՝ Բորխեսէն մինչեւ Տոսթոեւսքի, մինչեւ Տանթէ:
Հատընտիրը կը սկսի Ֆրանչիսկոսի հակիրճ ինքնագիր նախաբանով: «Կեցցէ պոէզիան» կը բացականչէ Պապը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով հատորի խմբագիրին, վերահաստատելով պոէզիայի արժէքը եւ դերը ըլլայ կեանքի մէջ՝ «Պոէզիան կ’օգնէ մեզ բոլորիս մարդ ըլլալ, եւ այսօր մենք անոր կարիքը շատ ունինք», կը գրէ ԱՆ, ըլլայ կրթութեան մէջ՝ ցանկութիւն արտայայտելով, որպէսզի պոէզիան «ամպիոն» ստանայ Քահանայապետական ակադեմիական հաստատութիւններու մէջ։
Պոէզիան հաւատքի արտայայտութեան նոր ու հզօր լեզու
Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան ենթաքարտուղարը կը շեշտէ, որ Ֆրանչիսկոս իր վարդապետութեան մէջ յաճախ օգտագործելով մէջբերումներ բանաստեղծներէն եւ գրողներէն՝ նոր ու հզօր լեզու կը փնտռէ հաւատքը արտայայտելու համար։ «Այսօրեայ «համաշխարհային ճգնաժամի, պատերազմի եւ մեծ բեւեռացումներու, կոշտ յարակարծութիւններու, կլիմայական եւ տնտեսական մակարդակի լուրջ մարտահրաւէրներու ժամանակ՝ կարիքը ունինք նոր լեզուի, հզօր պատմուածքներու ու պատկերներու, գրողներու, բանաստեղծներու, արուեստագէտներու հանճարի՝ ունակ բղաւելու աւետարանական պատգամը աշխարհին, ստիպելու մեզ տեսնել Յիսուսը» գրած էր Պապը գրականութեան դերի մասին իր Նամակին մէջ։
«Կեցցէ պոէզիան», հետեւաբար, պարզապէս տիտղոս չէ, այլ հրաւէր՝ ուսումնասիրելու եւ վերագտնելու բառերու եւ պատմութիւններու գեղեցկութիւնը, որոնք մեզ կարող են առաջնորդել հասկանալու մենք մեզի, ուրիշներուն եւ մեր հաւատքը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
