Համայն Եկեղեցւոյ հետ միասին աղօթենք Քահանայապետի առողջութեան համար. Կարդինալ Քրայեւսքի
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մէկ շաբաթէ ի վեր համայն աշխարհէն եկած հաւատացեալներ կը համախմբուին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի տարածքին, կարդինալներու, եպիսկոպոսներու ու կղերական դասի անդամներու հետ միասին, իրենց աղօթքը մատուցելու առ Աստուած վասն Սրբազան Քահանայապետի ապաքինումին, որ անցեալ 14 Փետրուարէն կը գտնուի Հռոմի Ճեմելլի անուամբ բազմաբուժարանին մէջ, խնամելու համար երկկողմանի թոքաբորբը։
Եօթներորդ օրն ըլլալով Կիրակի 2 Մարտի երեկոյեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացաւ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը, զոր այս անգամ գլխաւորեց Սրբազան Պապի ողորմաբաշխ եւ Բարեգործական ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քոնրատ Քրայեսւքին։
Աղօթքին սկիզբը Ան հրաւիրեց. «Համայն Եկեղեցւոյ հետ միասին աղօթել Քահանայապետի առողջութեան համար։ Եկեղեցւոյ Մայր, Սուրբ Կոյս Մարիամը, անոր թիկունք թող կանգնի այս պահուն» ըսաւ Ծիրանաւորը։
Երկու Մարտի վարդարանի աղօթքին ընթացքին խորհրդածութիւնները կեդրոնացան «փառաւորութեան» խորհուրդներու վրայ. Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը, Յիսուսի Համբարձումը Երկինք, Սուրբ Հոգիի գալուստը, Տիրամօր վերափոխումը Երկինք եւ Տիրամայրը Երկնքի և Երկրի Թագուհի։
Խորհրդածութեան այս աղօթքի պահը աւարտեցաւ «Oremus pro Pontifice» աղօթքի երգեցողութեամբ, որ ամէն երեկոյ կ՛ ուղեկցի Սրբազան Պապին, Անոր ապրած այս ցաւալի պահուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
