ITALY-VATICAN-POPE-HEALTH

Ֆրանչիսկոս Պապը Ճեմելլի հիւանդանոցէն տեսերիզով հետեւեցաւ Հոգեւոր կրթութեան

Ան այսօր առաւօտեան մասնակցեցաւ Սուրբ պատարագին ապա շարունակեց շնչառական եւ շարժողական ֆիզիոթերափիան, առաւօտեան ընդունելով նեաւ Կարդինալ Փարոլինի եւ Գերապ Փառայի այցելութիւնը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Այսօր կէսօրէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը Ճեմելլի հիւանդանոցէն տեսերիզի միջոցաւ հետեւեցաւ Հռոմի Քուրիայի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած հոգեւոր կրթութեան, զոր վարեց Քահանայապետական Տան քարոզիչ քափուչին միաբանութեան կրցեր եղբայր` Հայր Ռոպերթօ Փազոլինին, հոգեպէս միանալով բոլոր մասնակիցներու հետ։

Առաւօտեան ան ընդունելէ անդին Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փարոլինի եւ Պետական Քարտուղարութեան Տեղակալ Գերապ. Փենիա Փառային այցը, մասնակցեցաւ սուրբ Պատարագին բոլոր անոնց հետ, որոնք իրեն հոգ կը տանին այս օրերուն։

Սրբազան Պապը շարունակեց դարմանումը եւ շարժողական ու շնչառական ֆիզիոթերափիան։ Կը շարունակէ բժիշկներուն նշանակած սննդակարգը, որ կը ներառէ նաեւ պինդ սնունդ։

Իրավիճակը կը  թուայ կայուն, թեթեւ աստիճանական բարելաւումով, ինչպէս նշուած էր երէկ երեկոյեան հրատարակուած բժշկական տեղեկագիրին մէջ, համապատկերի մը մէջ որ կը մնայ բարդ եւ բժիշկները կը մղէ կանխատեսումը խոհեմաբար պահպանելու վերապահուած։

Առաւօտեան թթուածնային բարձր հոսքի կիրառումէն ետքը Սրբազան Պապը երեկոյեան պիտի անցնէ ինչպէս ծրագրուած է մեխանիքական ոչ ինվազիւ օդափոխումին։

Վաղը երեկոյան հաւանական է բժշկական նոր տեղեկագիրի մը հրապարակումը, որ ի տես բուժարանային պատկերի կայունութեան այսօր չի հրապարակուեցաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2025, 19:35