Ճեմելլի. Սրբազան Պապին բուժարանային պայմանները կայուն. Ան կը շարունակէ դարմանումը
Վատիկան. Նիուզ - Հայկական Բաժանմումնք
Հինգշաբթի 6 Մարտ 2025ի երեկոյեան ժամը 19,45ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը թարմացնելով Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան մասին լուրերը հրատարակեց հետեւեալ Հաղորդագրութիւնը.
Ֆրանչիսկոս Պապի բուժարանային պայմանները նախորդ օրերուն համեմատ մնացին կայուն։ Այսօր եւս ան շնչառական տագնապներ չունեցաւ։ Նորին Սրբութիւնը արդիւնաւէտութեամբ շարունակեց շնչառական եւ շարժողական ֆիզիոթերապիան։ Արեան քնութիւնները մնացած են կայուն։
Ան տաքութիւն չունեցաւ։
Բժիշկները կանխատեսումը կը պահպանեն վերապահուած։
Հաշուի առնելով բուժարանային պատկերի կայունութիւնը՝ յաջորդ բժշկական տեղեկագիրը պիտի հրապարակուի շաբաթ օրը։
Սրբազան Պապը` առաւօտեն ու յետմիջօրէին, այսօր նուիրուեցաւ որոշ աշխատանքային գործերու, հանգիստը փոխարինելով աղօթքին հետ։
Կէսօրէն առաջ ան ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը։
Վաղը, նոյնիսկ եթէ բժշկական տեղեկագիր պիտի չըլլայ, Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակը, այնուամենայնիւ, որոշ տեղեկութիւններ պիտի տրամադրէ Ֆրանչիսկոս Պապի մասին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
