Որոնել

2025.03.13 Recita del Rosario

Վատիկանի մէջ Հոգևոր Կրթութեան մասնակիցներուն շնորհաւորանքները Ֆրանչիսկոս Պապին

«Մեր սրտին մէջ միշտ կը կրենք տասներկու տարի առաջ մարտ 13-ի երեկոյեան ուրախ յիշողութիւնը, երբ մարդաշատ Սուրբ Պետրոս հրապարակը ուրախութեամբ ընկալեց Հռոմի նոր Եպիսկոպոսի և Տիեզերական Եկեղեցւոյ հովիւի օրհնութիւնը: Այսօր մինչ Ձերդ Սրբութիւնը կանչուած է դիմագրաւելու հիւանդութեան փորձանքը, այդ նոյն վայրէն, այնպէս ինչպէս աշխարհի այլ վայրերէն, կը բարձրանայ Աստուծոյ Ժողովուրդին անսպառ աղօթքը, որուն մենք եւս կը միանանք հոգեւոր հաղորդութեամբ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Սրբազան Հայր, Քահանայապետական Աթոռի վրայ ձեր ընտրութեան տարեդարձին օրը, մենք բոլորս, Վատիկանի մէջ Հոգեւոր Կրթութեան մասնակցողներս, կը փափաքինք ձեզի փոխանցել մեր շնորհաւորութիւնները միացած մեր երախտագիտութեան զգացումներուն ու որդիական սիրոյն որ մեզ կը կապէ ձեր անձին ու առաքելական առաքելութեան որ ձեզի յանձնուած է». Սոյն շնորհաւորական խօսքերը այսօր 13 Մարտ 2025ի երեկոյեան հնչեցին Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, այնտեղ կատարուած Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութեան վերջընթեր նիստի ընթացքին, որուն յաջորդեց նաեւ Նորին Սրբութեան համար Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը։

Խօսքեր` զոր յանուն բոլոր մասնակիցներուն արտասանեց Գերապ. Ֆրանչեսքօ Վիոլա, Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու Մատակարարման Վերատեսչութեան Քարտուղարը։

«Մեր սրտին մէջ միշտ կը կրենք տասներկու տարի առաջ մարտ 13-ի երեկոյեան ուրախ յիշողութիւնը, երբ մարդաշատ Սուրբ Պետրոս հրապարակը ուրախութեամբ ընկալեց Հռոմի նոր Եպիսկոպոսի և Տիեզերական Եկեղեցւոյ հովիւի օրհնութիւնը» ըսաւ ապա Գերապ. Վիոլա եւ շարունակեց. «Այսօր մինչ Ձերդ Սրբութիւնը կանչուած է դիմագրաւելու հիւանդութեան փորձանքը, այդ նոյն վայրէն, այնպէս ինչպէս աշխարհի այլ վայրերէն, կը բարձրանայ Աստուծոյ Ժողովուրդին անսպառ աղօթքը, որուն մենք եւս կը միանանք հոգեւոր հաղորդութեամբ»։

«Սրբազան Հայր, Յոբելենական այս Տարուան ընթացքին մենք յոյս ունինք, որ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամը, որուն մենք մշտապէս կանչուած ենք եւ կոչուած ձեր ուսուցումով, կարող է տարածուիլ ժողովուրդներու և բարի կամքի տէր մարդոց մէջ։ Եւ թող բոլորի մէջ աճի Տիրոջ աշակերտներ, Աւետարանի վկաները և Աստուծոյ Արքայութիւնը կերտողներ ըլլալու ցանկութիւնը»:

«Տիրոջ կը բարձրացնենք մեր շնորհակալութիւնը, այն բանին համար, որ Պետրոս առաքեալի յաջորդին միջոցաւ մեզ հաստատեց հաւատքին մէջ, առաջնորդեց միութեան մէջ, մինչ կը հաւաստիացնենք սիրալիր մօտիկութիւն եւ աղօթք» ըսաւ հուսկ Գերապ. Վիոլա ապա մաղթեց, որ Սուրբ Կոյս Մարիամը բարեխօս դառնայ եւ զայն պահպանէ Քրիստոսի սիրոյն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2025, 17:50