Որոնել

2024.09.10 Viaggio Apostolico in Timor-Leste - Visita ai bambini con disabilita' della scuola Irmas Alma

Անչափահասներու պաշտպանութիւնը հիմնարար հիմք է Աւետարանին հաւատարիմ համայնքներ կառուցելու համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Այս տասը տարիներու ընթացքին Եկեղեցւոյ մէջ աճեցուցիք անվտանգութեան ցանց մը. Յառաջ ընթացէք, մնալով միշտ ուշադիր եւ արթուն» գրեց ապա Նորին Սրբութիւնը հայցելով Սուրբ Հոգիին հովանին որպէսզի փրկէ մեզ այն գայթակղութենէն ցաւը արխիւացնելու փոխանակ զայն բուժելու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

24-28 Մարտ 2025 -ին, Վատիկանի մէջ նախատեսուած է Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնախումբի լիագումար ժողովը որուն առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղած է պատգամ մը նախ իր գնահատանքը արտայայտելով անոնց տածած աշխատանքին համար ապա ընդգծելով չարաշահումները կանխարգիլելու կարեւորութիւնը։

Ան Յանձնախումբի ու նիստին մասնակցողներուն յանձնառումը նկատեց «թթուածին» տեղական եկեղեցիներուն ու կրօնական հասարակութիւններուն համար, ընդգծելով, որ անչափահասներու պաշտպանութիւնը հիմնարար հիմք է Աւետարանին հաւատարիմ համայնքներ կառուցելու համար:

«Երբ դուք կանխարգելման գործընթացքներ կը իրականացնէք, նոյնիսկ ամենահեռաւոր համայնքներէն ներս, դուք խոստում մը կը գրէք, այն է որ իւրաքանչիւր երեխայ, իւրաքանչիւր խոցելի անձ, եկեղեցական միջավայրին մէջ պիտի գտնէ անվտանգ միջավայր» գրեց Նորին Սրբութիւնը առաջարկելով երեք յանձնառումներ. Աւելիով համագործակցիլ Հռոմէական Քուրիայի Վերատեսչութիւններուն հետ, Չարաշահումներու թիրախ զոհերուն նուիրել աջակցութիւն եւ հոգատարութիւն, ունկնդրելով ողորմութեամբ։ Կառուցել արտաեկեղեցական կազմակերպութիւններու հետ դաշինքներ՝ պաշտպանութիւնը համընդհանուր լեզու դարձնելու համար:

«Այս տասը տարիներու ընթացքին Եկեղեցւոյ մէջ աճեցուցիք անվտանգութեան ցանց մը. Յառաջ ընթացէք, մնալով միշտ ուշադիր եւ արթուն» գրեց ապա Նորին Սրբութիւնը հայցելով Սուրբ Հոգիին հովանին որպէսզի փրկէ մեզ այն գայթակղութենէն ցաւը արխիւացնելու փոխանակ զայն բուժելու։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց անոնց հաւաստիացնելով իր աղօթքները ու Տիրամօր հովանին հայցելով անոնց վրայ որպէսի «կարողանաք նուիրումով ու յոյսով շարունակել սկսած ուղին»

Պատգամը կը կրէ 20 Մարտ 2025ի թուականը ու տրուած է Ճեմելլի հիւանդանոցէն։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2025, 09:17