Որոնել

Ճեմելլի հիւանդանոց Ճեմելլի հիւանդանոց   (AFP or licensors)

Քահանայապետին համար այլ անդորր գիշեր մը

Նոր թարմացում Վատիկանի մամլոյ գրասենեակէն Ֆրանչիսկոս Պապի առողջական վիճակի վերաբերեալ։ Հաղորդակցութեան մէջ նշուած է, որ Պապը այժմ կը հանգստանայ
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմումք

«Անցեալ օրերու նման, գիշերը անցաւ անդորր եւ Քահանայապետը այժմ կը հանգչի». Այս է այն ինչ` որ կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան մասին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ 28 Փետրուարին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Իսկ երէկ երեկոյեան հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց` որ Քահանայապետի առողջական պայմանները բարելաւման մէջ են ու թէ ան դարմանումը շարունակեց թթուածինի բարձր հոսքը փոխարինելով «ventimask»ով։ հարկաւոր են այլ մի քանի օրեր բուժական կայունութեան համար ու կանխատեսումի զգուշաւոր կեցուածքը վերացնելու համար։

Ան երէկ առաւօտեան շարունակած է շնչառական դարմանումի գործընթացն ու հանգիստը իսկ կէսօրէն ետքը յարկաբաժնի մատրան մէջ աղօթքի նուիրուած է որմէ ետք նաեւ լուծուած է աշխատանքի։ Տեղեկութիւններուն համաձայն Սրբազան Քահանայապետը դուրս եկած է «վտանգաւոր» փուլէն, բայց կացութիւնը տակաւին կը մնայ բարդ եւ ասոր համար է որ կանխատեսումը կը մնայ զգուշաւոր վերապահութեամբ։

Իսկ այսօր առաւօտեան Սրբազան Պապը, արթնանալէն յետոյ, նախաճաշ ըրած է եւ իր սովորութեամբ կարդացած է թերթերը։ Ան շարունակած է նշանակուած խնամքը, ներառեալ կրծքավանդակի ֆիզիոթերապիան:

Թարմացումը ժամը 12ին

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2025, 08:25