Որոնել

Prayer service at St. Peter's Square, as Pope Francis continues his hospitalization, at the Vatican

Կարդ. Թակլէ Աղօթենք` որպէսզի Սրբազան Պապը զգայ քրիստոնեայ հասարակութեան մօտիկութիւնը

Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Վարդարանի աղօթքը Սրբազան Պապին առողջութեան համար։ Աղօթքը գլխաւորեց Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-վերատեսուչ կարդինալ Անթոնիօ Թակլէ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի` 25 Փետրուարին երկրորդ օրն ըլլալով, երեկոյեան ժամը ինին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը, զոր այս անգամ գլխաւորեց Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-վերատեսուչը կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէն եւ նուիրուած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին առողջութեան ու ապաքինման դիտաւորութեան։

Աղօթքին սկիզբը Կարդինալ Թակլէն նշեց` թէ «համախմբուած ենք Մարիամի հետ միասին խորհրդածելու համար Քրիստոսին Խորհուրդները։ Աղօթենք Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսի առողջութեան համար։ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ ան թող փորձարկէ Յարուցեալ Տիրոջ սիրալիր ներկայութիւնը եւ քրիստոնեայ հասարակութեան զօրակից մօտիկութիւնը։ Առաջնորդուած «Եկեղեցւոյ Մայր» պատկերով այս երեկոյեան խորհրդածենք «տրտմութեան խորհուրդիններու» մասին, ըսաւ հուսկ Ծիրանաւորը սկիզբ տալով աղօթքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Վատիկանի ու Սուրբ Աթոռի վերնախաւի անդամներ ու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2025, 08:00