Որոնել

Վատիկանի պետութեան պալատը Վատիկանի պետութեան պալատը 

Վատիկանի կառավարութիւն. Նշանակուեցան երկու ընդհանուր քարտուղարներ

Գերպ Նափփա եւ փաստաբան Փուլիզի Ալիպրանի նշանակուեցան, որպէս երկու ընդհանուր քարտուղարներ Վատիկանի կառավարութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը «փոխելով Վատիկան քաղաքի պետութեան հիմնարար օրէնքը՝ 2023 թուականի մայիսին 13ին, եւ 2018 թուականի նոյեմբեր 25ի Վատիկանի քաղաքին կառավարութեան մասին թիւ 274 օրէնքը, մէկ սկսեալ նշանակեց Վատիկան Քաղաքի կառավարութեան երկու գլխաւոր քարտուղարներ։

Յանձին գերապայծառ Էմիլիօ Նափփա որ իր մինչեւ այժմ աւետարանումի վերատեսչութեան քարտուղարին օգնական է՝ առաջին աւետարանական եւ տեղական եկեղեցիներուն բաժանմունքին մէջ, ինչպէս նաեւ Քահանայապետական միսիոնարական գործունէութիւններուն նախագահը եւ փաստաբան Փուլիզի Ալիպրանտին, որ մինչեւ այժմ Վատիկան քաղաքի կառավարութեան ընդհանուր քարտուղարի օգնական է ։ Պապին անուանումները հրապարակուեցաւ Սուրբ աթոռի մամլոյ գրասենեակէն։

Միեւնոյն գրառումին մէջ նշուած է, որ ֆրանչիսկոս Պապ Քոյր Ռաֆաէլլա Փեթրիին, Վատիկանի քաղաքին կառավարութեան քահանայապետական յանձնաժողովին նախագահ եւ նոյն կառավարութեան նախագահ, շնորհած է մէկ մարտ 2025էն սկսեալ երկու ընդհանուր քարտուղարութիւններուն, «յատուկ իրաւասութիւն կամ որոշակի առաջադրանքներ» տալու իշխանութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2025, 07:19