Որոնել

2025.02.27 Recita Rosario

Կարդինալ Ռեյնա. «Որպէս յոյսի ուխտաւորներ աղօթենք Պապին համար»

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ չորրորդ օրն ըլլալով Վարդարանի աղօթքը կատարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար։ Աղօթքը գլխաւորեց Հռոմի Թեմի տեղակալ արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ռէյնա։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եկեղեցւոյ Մայր` Սուրբ Կոյս Մարիամի հայեացքին ներքոյ, որ լուսաւորուած եւ շրջապատուած է սպիտակ և վարդագոյն ծաղիկներով, Սուրբ Պետրոս հրապարակը, որ անցեալ երկուշաբթի օրուընէ դարձաւ հաւատացեալ ժողովուրդի աղօթքի տունը, մթութեան մէջ կը փայլի։

Աղօթք մըն է, որ կը բարձրանայ առ Աստուած, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ հայցելով շուտափոյթ ապաքինում Սուրբ Պետրոսի յաջորդին` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։

Այնտեղ ինչպէս անցեալ օրերուն համախմբուած էին կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, ու աշխարհական հաւատացեալներ, որոնք իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած վարդարանը հատիկ հատիկ սահեցուցին զայն, կրկնելով Հայր մերի աղօթքը մէկ անգամ ու տասը անգամ` «Ողջոյն քեզ Մարիամը»։

Աղօթողներու շարքին էր նաեւ Կարդինալ Փիեթերօ Փարոլինը մինչ աղօթքը կը գլխաւորէր Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնա։

Կարդինալ Ռէյնային աղօթքը

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, յոյսի ուխտաւորներ, համայն Եկեղեցւոյ հետ միասին աղօթենք Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար։ Սուրբ Կոյս Մարիամը, Եկեղեցւոյ Մայրը, այս պահուն թիկունք թող կանգնի անոր». Եղան Կարդինալ Ռէյնայի աղօթքին բացման խօսքերը որմէ ետքը հաւատացեալները աղօթեցին «Լուսաւորութեան Խորհուրդներու» Վարդարանը, որ ներմուծուած են Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ 2002 թուականին։ Լոյսի Խորհուրդներ` որովհետև «Յիսուս` լոյսն է աշխարհին» դիտել տուած էր երջանկայիշատակ սուրբ Քահանայապետը։

Լուսաւորութեան Խորհուրդները

Խորհուրդները բաժնուած են հինգ մասերու` առաջինին մէջ կը յիշատակուի Յիսուսին մկրտութիւնը Յորդանան գետին մէջ, երկրորդը կեդրոնացած է Յորդանան գետին մէջ Յիսուսի հրաշքին վրայ մինչ երրորդ խորհուրդին մէջ Յիսուս կը հռչակէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, ապա չորրորդ խորհուրդը Յիսուսի այլակերպութիւնն է ու հինգերորդին մէջ կը յիշատակուի Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումը։

Եզրափակիչ աղօթքը

Նախ քան վերջին օրհնութիւնը Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնա ծունկի եկած Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղադրուած ամպիոնին վրայ, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած ըսելով. «Հայր Սուրբ, մեր մէջ արթնցուր յոյսը, որպէսզի ոչ մէկ արգելք մեզ շեղեցնէ փրկութեան դուռի ճանապարհէն», որմէ ետքը երգուեցաւ «Oremus pro Pontifice» աղօթքը, որպէսզի Աստուած զերծ պահէ Քահանայապետը որեւէ չարէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2025, 08:00