Որոնել

Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ Վարդարանի աղօթք Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ Վարդարանի աղօթք  (AFP or licensors)

Կարդինալ Ռէ. Աստուած տայ, որ Պապը շուտով վերսկսի իր առաքելական ծառայութիւնը

Երրորդ օրն ըլլալով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան դիտաւորութեան, զոր այս անգամ գլխաւորեց Կարդինալական Դասի աւագերէց Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսա Ռէն։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Սուրբ Կոյս Մարիամ` հաւաքուած ենք այստեղ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ քեզի նուիրելու մեր վստահելի եւ միասնական աղօթքը, որպէսզի Աստուած տայ` որ Ֆրանչիսկոս Պապը շուտով վերսկսի իր առաքելական ծառայութիւնը, իր ֆիզիկական ուժերու ամբողջականութեամբ և անոր բնորոշ հովուական շարժականութեամբ»։ Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսա Ռէին աղօթքն է սա, զոր արտասանեց երէկ` 26 Փետրուարի երեկոյեան ժամը ինին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքի ընթացքին, որուն մասնակցեցան կարդինալական ու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներ, քահանաներ, նորընծաներ ու բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Փառաբանութեան Խորհուրդներուն նուիրուած Սուրբ Վարդարանի աղօթքի աւարտին Կարդինալ Ռէն Աստուծմէ հայցեց, որ բոլոր հաւատացեալներուն նուիրէ «հոգւոյ ու մարմնոյ առողջութիւն» ապա հայցեց «Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին հզօր բարեխօսութիւնը» որպէսզի «մեզ ազատէ բոլոր չարիքներէն, որոնք մեզ կը տխրեցնեն ու մեզ առաջնորդէ դէպի յաւիտենական երջանկութիւն»

Վերջապէս երգուեցաւ «Oremus pro Pontifice» Քահանայապետի համար աղօթքը, որպէսզի Աստուած Ֆրանչիսկոս Պապին «կեանք և առողջութիւն» պարգեւէ և «երջանիկ դարձնէ զայն երկրի վրայ և պահպանէ զայն ամէն չարիքէ»:

Առջի օր Հռոմի Արժանթինի Ազգային Եկեղեցւոյ մէջ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնա գլխաւորեց Սուրբ պատարագ մը նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապին ապաքինումի դիտաւորութեան ու արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ հայցեց Տիրոջմէ որ «Հռոմի եպիսկոպոսին պարգեւէ ուժը եւ կարողութիւնը դիմագրաւելու այս պահը, անդորրդ վստահութեամբն անոր որ գիտէ թէ կը գտնուի Աստուծոյ բազուկներուն մէջ»։

Հռոմի Թեմի Արքեպիսկոպոսը ապա 26 Փետրուարին պատարագ մատուցեց նաեւ Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ, ուր ամէն օր պատարագ կը մատուցուի Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար։ Այդ առիթով Ան կարեւորեց աղօթքին զօրութիւնը ու Տիրոջմէ հայցեց, որ վերականգնէ Նորին Սրբութեան առողջութիւնը, որպէսզի Եկեղեցին շարունակէ վայելել անոր Վարդապետութիւնը եւ մարգարէութիւնը»։

Իսկ այսօր երեկոյեան Կարդինալ Ռէյնան պիտի ըլլայ Ան որ պիտի նախագահէ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2025, 08:00