Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ապաշխարեցէք յանուն խաղաղութեան

Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին կոչ ուղղեց խնդրելով աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար ընդգծելով ինչպէս միշտ որ պատերազմը պարտութիւնն է։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց, Ուքրանիան, Միանմարը, հարաւային Սուտանը, Պաղեսիտինն ու Իսրայէլը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 12 յունուարին, Վատիկանի «Պօղոս Զ» անուան դահլիճին մէջ ներկայացուցած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ տարբեր լեզուներով ողջունեց դահլիճին մէջ գտնուող Իտալացի եւ օտարերկեայ հաւատացեալները, ապա ինչպէս կոչ ուղղեց աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար ընդգծելով, որ հակամարտութիւնը պարտութիւնն է։

Իտալերէն լեզուով յղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք Իտալիոյ տարբեր ժողովրդապետութիւններէն, դպրոցներէն ժամանած հաւատացեալները կոչ ուղղեց յանուն խաղաղութեան ըսելով.

«Միտքս կու գայ հակամարտութիւններու մէջ գտնուող շատ մը երկիրները։ Քոյրեր եւ եղբայրներ աղօթենք խաղաղութեան համար։ Մեր կարողութեան համաձայն ամէն բան ընենք խաղաղութեան համար։ Մի՛ մոռնաք, որ պատերազմը պարտութիւնն է. Միշտ։ Մենք ծնած չենք սպանելու համար, այլ ժողովուրդներ աճեցնելու համար։ Թող խաղաղութեան ուղեւորութիւններ գտնուին։ Հաճեցէ՛ք ձեր առօրեայ աղօթքին մէջ խաղաղութիւնը խնդրել» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու յիշեց «Մարտիրոսացած Ուքրանիան, որ շատ կը կը տառապի։ Հակամարտութիւններու մէջ գտնուող Պաղեստինը, Իսրայէլը, Միանամարը, Հիւսիսային Քիվուան, հարաւային Սուտանը։ Հակամարտութեան մէջ շատ մը երկիրներ» հրաւիրելով «աղօթեելու խաղաղութեան համար։ Հաճեցէք ապաշխարել խաղաղութեան համար» խնդրեց Սրբազան Հայրը ու խօսքը  աւարտեց յիշելով երիտասարդները, հիւանդները, տարեցները եւ նորապսակեալները ըսելով. «Վաղը չէ միւս օրը, պիտի տօնենք, Սլավ ժողովուրդներու մէջ հաւատքի առաջին տարածողներ՝ Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոյի ծիսական տօնը։ Թող անոնց վկայութիւնը ձեզ օգնէ՝ դուք եւս դառնալու աւետարանի վկաները, ընտանիքի, անձնական եւ ընկերային կեանքի մէջ վերանորոգումի թթխմորը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2025, 10:22