Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ, հրապարակային ունկնդրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ, հրապարակային ունկնդրութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին 2025 թուականի Քառասնորդացի պատգամը

Քառասնորդացի պատգամին մէջ Ֆրանչիսոս Պապ կ՝անդրադառնայ քալելու, միասին քալելու ու յոյսի խոստումի մասին, շեշտելով որ քառանորդացը խոկալու եւ դարձի գալու ժամանակ է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հրապարակուեցաւ 2025 թուականի, քառասնորդաց շրջանի Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը կը նշէ, թէ մոխիրներու զետեղումով կը սկսի քառասնորդացի ամէնամեայ ուխտագնացութիւնը՝ Զատիկը նշելու հոգեւոր նախապատրաստական շրջանը։ Եկեղեցին հաւատացեալները կը հրաւիրէ իրենց սիրտերը պատրաստելու՝ ընդունելու համար աստուածային շնորհքը, մտածելով մահուան եւ մեղքին վրայ Քրիստոսի յաղթանակին մասին, ինչպէս հաստատած է Սուրբ Պօղոսը։ Յոբելինական տարիով հարստացած Քառասնորդացը հնարաւորութիւն կ՝ընծայէ մտածելու յոյսի ուղեւորութեան եւ ապաշխարութեան կոչերու մասին, որ Աստուծոյ ողորմածութիւնը կ՝ուղղէ բոլորին։

Քալել

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ, որ յոբելինական տարուան «Յոյսի ուխտաւորներ» կարգախօսը մեզի կը յիշեցնէ Իսրայէլի առաջին ճամբորդութիւնը դէպի ազատութիւն։ Այս հայեցակարգը տարածուած է թշուառութենէն եւ բռնութենէն փախչող գաղթականին ներկայ իրավիճակի վրայ։ Իւրաքանչիւր անհատ կանչուած է հարց տալու իր սեփական հոգեւոր վիճակի մասին. եթէ՞ իսկապէս ճամբորդութեան մէջ եմ, կամ ալ մխրճուած եմ յարմարաւէտութեան գօտիին մէջ։

Միասին քալել

Ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ, որ եկեղեցին կոչուած է սինոդական ըլլալու՝ նպաստելով իր անդամներուն հետ հիւրընկալութեան եւ միասնութեան։ Կարեւոր է միասին աշխատիլ յաղթահարելով բաժանումներն ու լսելով մէկը միւսին։ Քառասնորդացի ընթացքին հաւատացեալները հրաւիրուած են մտածելու ուրիշներուն հանդէպ իրենց վերաբերմունքին եւ հեռու գտնուողը ընդունելու կարողութեան մասին, խուսափելով մեկուսացումէն։

Խոստումի յոյսը

Յոյսը, որ չի հիասթափեցներ հիմնական է դէպի Զատիկ քառասնորդացի ուղեւորութեան մէջ։ Հաւատացեալները պէտք են հարց տալ Աստուծոյ հանդէպ իրենց ունեցած վստահութեան մասին ինչպէս նաեւ Փրկութեան հանդէպ իրենց բաց ըլլալու մասին։ Քրիստոսի Յարութիւնը քրիստոնեայ յոյսի աղբիւրն է ու հաւատացեալները կոչուած են ապրելու այդ յոյսը իրենց առօրեայ կեանքին մէջ աշխատելով արդարութեան եւ արարչագործութեան հոգածութեան համար, գրած է Սրբազան Հայրը ու պատգամը  կ՝աւարտէ նշելով, որ մեծ պահքը խոկալու եւ դարձի գալու ժամանակ է, առաջնորդուած Աստուծոյ սիրով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2025, 12:37