Որոնել

Բնիկ Ժողովուրդներ Բնիկ Ժողովուրդներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Հողը, ջուրը եւ սնունդը կեանքի հիմքեր են

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը բնիկ ժողովուրդներու ֆորումի 7-րդ միջազգային հանդիպումի կապակցութեամբ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղեց բնիկ ժողովուրդներու ֆորումի 7-րդ միջազգային հանդիպումի կապակցութեամբ։ Ուղերձի մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով բնիկ ժողովուրդներու նուիրուած 7-րդ հանդիպումի մասնակիցները մաղթեց որ այս միջոցառումը կարեւոր հարթակ ըլլայ բնիկ ժողովուրդներուն առաջնահերթութիւններուն եւ ձգտումներու շուրջ բանավէճերու եւ խորհրդածութիւններուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ այս հանդիպումին նիւթը՝ ինքնորոշման իրաւունքի մասին հարցը վճռորոշ է, որովհետեւ կը ճանչնայ բնիկ ժողովուրդներուն մշակոյթներուն արժէքը եւ նախնիներու գիտելիքներուն կարեւորութիւնը, որ կը հարստացնէ մարդկութիւնը։

Բնիկ ժողովուրդներու ինքնութեան եւ մշակոյթին պաշտպանութիւնը սերտօրէն կապուած է հասարակութեան մէջ ներդրած անոնց աւանդի ճանաչումի ու անոնց կեանքի համար բնական անհրաժեշտ հարստութիւններուն պաշտպանութեան հետ նշեց Սրբազան հայրը աւելցնելով, որ այդ հասարակութիւնները կը դիմագրաւեն լուրջ սպառնալիքները՝ բազմազգ կազմակերպութիւններուն եւ պետութիւններուն կողմէ հողերու համագրաւումի հետեւանքով, որոնք կը վտանգեն արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը։ Հողը, ջուրը եւ սնունդը կեանքի հիմքեր են եւ այդ մարդկանց կապը բնութեան հետ։

Այս իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը արդարութեան խնդիր է եւ քայլ մը դէպի կայուն ապագայ՝ բոլորին համար։ Կարեւոր է միասին աշխատիլ՝ ապահովուելու համար, որ ապագայ սերունդները կարողանան ապրիլ աշխարհի մը մէջ որ ներդաշնակ է արարչագործութեան գեղեցկութեան, բարութեան հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձը աւարտեց հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները որպէսզի այս հանդիպուի ջանքերը կարողանան ոգեշնչել ազգերուն առաջնորդները՝ խթանելու ընդհանուր բարօրութիւնը ապահովուելով, որ ոչ մէկը բացառուած կամ ետ մնայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2025, 12:45