Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Եկեղեցին թող եղբայրներու ընտանիք ըլլայ, բայց նոյն արժանապատուութեամբ

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Gaudium et Spes» հիմնադրամի անդամներուն ու անոնց փոխանցած իր սիրտի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադրամի կատարած բարի աշխատանքներու համար, մասնաւորապէս ամենէն շատ աղքատներուն նկատմամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 14 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ունկնդրութիւն շնորհելով «Gaudium et Spes» հիմնադրամի անդամներուն իր ուրախութիւնը յայտնեց «Յոյսի ուխտաւորներ» դարձնող յոբելինական սուրբ տարուան ծիրէն զիրենք ընդունելուն համար ու շնորհակալութիւն յայտնեց կատարած աշխատանքներուն համար, որոնք մասնաւորապէս ուղղուած են ամենաշատ աղքատներուն, «հետեւելով «Gaudium et Spes» փաստաթուղթին սահմանադրութեան, որմէ առիք ձեր անունը եւ որուն կը յարգէք ձեր աշխատանքներուն միջոցաւ», ըսաւ Ան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ Հիմնադրամը իր աշխատանքներով արդիական կը դարձնէ Gaudiem et spes փաստաթուղթը, որ «կը համընկնի եկեղեցւոյ սինոդական հոգիին հետ, ուր բոլորը միացած են Քրիստոսի մէջ, կազմելով ընդհանրական եղբայրակցութիւն մը՝ Քրիստոսի մարմնին մէջ», (Կորնթ 12,12 եւ Հռոմ 12,5), ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով «այս միութիւնը կ՝իրականացուի Սուրբ Հոգիին շնորհիւ, որ Սէր է ու կը յայտնաբերուի զօրակցութեան մէջ, մասնաւորապէս ամենաշատ տառապողներուն նկատմամբ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ Քրիստոսի մէջ մնալը, մեզ բոլորս կը դարձնէ ընտանիք, եղբայրներ, միեւնոյնն արժանապատուութեամբ եւ սնուցանումը այս ընտանիքին, որ կը միանայ կիրակի օր՝ Պատարագի ընթացքին, սուրբ Հաղորդութիւնն է», ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց կազմելու մէկ մարմին քանի, որ նոյն հացն է որ կ՝ուտենք», (1Կորնթ 10, 17)։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով վերոյիշեալ հիմնադրամի անդամներուն, «որովհետև դուք յոյսի պատճառ կը հանդիսանաք բոլոր այն մարդոց, որոնք կը տառապին եւ յուսահատուած են, մարդիկ, որ ձեր գործունէութիւններուն միջոցաւ կը զգան, որ Աստուած կը շօշափէ եւ մխիթարութիւն կը շնորհէ տառապանքներուն մէջ։

Թող Յիսուս օրհնէ ձեզ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամը ձեզ պաշտպանէ։ Եւ մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար։ Ես ալ պիտի աղօթեմ ձեզի համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2025, 11:21