Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ծիսական արարողութիւնները կը դպչին մարդոց սիրտերուն

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քահանայապետական Սան Անսէլմօ համալսարանին մէջ ծիսական արարողութիւններուն պատասխանատուներուն համար կազմակերպուած դասընթացքի հետեւողներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց Քահանայապետական Սան Անսէլմօ համալսարանին մէջ ծիսական արարողութիւններուն պատասխանատուներուն համար կազմակերպուած դասընթացքին հետեւողներուն։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց Քահանայապետական ծիսական կաճարի նախագահ, Հայր Ապաթէ Փրիմաթէն եւ վերոյիշեալ դասընթացքին մասնակիցները։

Նորին Սրբութիւնը ապա պատգամին մէջ ընդգծեց ծէսին կարեւորութիւնը՝ ոչ միայն որպէս Աստուածաբանական ուսումնասիրութիւն այլ որպէս տօնակատարութիւն, որ կը դպչի Աստուծոյ ժողովուրդի կեանքին բացայայտելով անոնց իսկական հոգեւոր բնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ ծիսական արարողութիւններուն պատասխանատուն ոչ միայն դասատու կամ կանոններ կատարող անձ է, այլ հասարակութեան աղօթքի ծառայութեան վարդապետ մը, որ հաւատացեալները կ՝առաջնորդէ արարողութեան ընթացքին։

Արարողապետի դիմագիծը կեդրոնական է, ան իմաստութեամբ կը պատրաստէ արարողութիւնները եւ գործնականի կը դարձնէ Աստուածաբանական սկզբունքները, գրեց Սրբազան Հայրը յորդորելով որ Սուրբ Խորհուրդի ծառայութիւնը պէտք է իրականացուի խոհեմութեամբ եւ խոնարհութեամբ փոխանցելով այդ արժէքները զոհասեղանին սպասարկողներուն եւ ընթերցողներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ ծէսին հանդէպ հոգատարութիւնը աղօթքի եւ Տիրոջ հետ հանդիպումի հոգատարութիւն է, որուն մասին կը վկայէ Սրբուհի Թերեզա Տ՝Ավիալի օրինակը ,ապա խորհուրդ տուաւ արարողապետերուն իրենց հայեացքը միշտ սեւեռելու ժողովուրդին վրայ, ըմբռնելու համար անոնց պահանջները եւ դիւրացնելու համար անոնց ծիսական արարողութեան մասնակցութիւնը։

Քրիստոնէական վարդապետութիւնը եւ հովուական ծառայութեան միջեւ հանդիպումը էական է քանի, որ ծէսը պէտք է բացայայտէ եկեղեցւոյ հաւատքը եւ մարմնաւորէ մարդոց փորձառութիւնները, գրեց Սրբազան հայրը ։

Ան պատգամը աւարտեց յորդորելով, որ քահանաները իրենց ծառայութեան սիրտին մէջ զետեղեն Աստուծոյ ժողովուրդը ու խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2025, 12:19