Ֆրանչիսկոս Պապ տխրած է Կուաթեմալայի մէջ փոխադրակառքի արկածի համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կուաթեմալայի մէջ տեղի ունեցած հանրակառքի արկածին ի լուր, Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց յայտնելով, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է իմանալով Կուաթեմաայլի մէջ պատահած փոխադրակառքի արկածի լուրը, որուն պատճառով արձանագրուեցաւ բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ։
Ֆրանչիսկոս Պապ իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ զոհերու ընտանիքներուն Աստուծմէ հայցելով, որ յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ անոնց ու արագ ապաքինում վիրաւորներուն։
Կարդինալ Փարոլին ցաւակցական գիրը աւարտեց փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական օրհնութիւնը, որպէս Յարուցեալ Տիրոջ մէջ յոյսի նշան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
