Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Խաճակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Խաճակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Բաժնուած քրիստոնեաները մէկ հաւատքի մէջ միաւորելու բեկորներ են

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ ունկնդրութիւն շնորհեց Արեւելեան օրթոտոքս եկեղեցիներուն վանականներուն եւ երիտասարդ քահանաներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 6 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապը հարբուխ ըլլալուն պատճառով, Սանթա Մարթայի տան մէջ ընունեց եւ ու իր գրաւոր պատգամը յանձնեց Արեւելեան օրթոտոքս եկեղեցիներուն վանականներուն եւ երիտասարդ քահանաներուն, որոնց շարքին Հայ առաքելական եկեղեցիէն քահանաներ, ընկերակցութեամբ Խաճակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանին։  

Գրաւոր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը նախ իր ուրախութիւնը կը յայտնէ սոյն ճանաչողական այցելութեան համար ապա յիշելով թիւ 133 սաղմոսը կ՝ընդգծէ քրիստոնեաներուն միջեւ եղբայրական հաղորդութեան կարեւորութիւնը։

«Այս հանդիպումը կը նշանաւորէ իր տեսակին մէջ հինգերորդ միջոցառումը՝ կազմակերպուած քրիստոնեաներուն միութեան խթանման վերատեսութեան կողմէ ու կը ներկայացնէ եկեղեցիներու միջեւ նուէրներու զգալի փոխանակում, նպաստելով ճշմարտութեան եւ եղբայրսիրութեան՝ հիմնուած երկխօսութեան վրայ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով, «Սա հինգերորդ ճանաչողական այցն է Արեւելեան օրթոտոքս վանականներուն եւ երիտասարդ քահանաներուն համար, կազմակերպուած Քրիստոնեաներու միութեան խթանման վերատեսչութեան կողմէ, նման ՝Էջմիածինի հայ Կաթողիկոսարանի ինչպէս նաեւ Մալանքարէզէ Սիրա օրթոտոքս եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած հանդիպումներուն։»

Նորին Սրբութիւնը ապա կը կարեւորէ սոյն այցելութիւնը ի տես Նիկիոյ տիեզերական ժողովին 17-րդ դարադարձին  «առաջին համամիութենական տիեզերական ժողովը», յիշեցնելով,  որ Նիկիոյ դաւանանքը հաւատքի խորհրդանիշ է բաժնեկցուած ողջ քրիստոնեաներու միջեւ։

«Աստուծաբանական իմաստով խորհրդանիշը կը վերաբերի քրիստոնէական հաւատքի հիմնական ճշմարտութիւններուն ամբողջութեան, որոնք կը լրացուին եւ կը ներդաշնակուին իրարու միջեւ» կը նշէ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ ընդգծելով որ այդ առումով անուրանալի եւ անզուգական է Նկիկոյ հաւատամքը, որ համառօտ կերպով կը շարադրէ մեր փրկութեան խորհուրդը։

Խորհրդանիշը ունի նաեւ եկեղեցաբանական նշանակութիւն մը կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով «արդարեւ, ճշմարտութենէն անդին կը միացնէ հաւատացեալները։ Խորհրդանիշը հաւատացեալներու միջեւ հաղորդութեան եւ ճանաչումի նշան է ։ Կարիքը ունինք մէկը միւսին, որպէսզի կարողանանք խոստովանիլ հաւատքը, ու ասոր համար Նիկիոյ հաւատամքը, իր ամբողջութեան մէջ կ՝օգտագործէ «մենք կը հաւատանք» յոգնակի դէմքը» նշեց Քահանայապետը  նկատել տալով, որ Խորհրդանիշը ունի նաեւ հոգեւորական իմաստ մը. «Պէտք չէ երբեք մոռնալ, որ Հաւատամքը նախ եւ առաջ փառաբանութեան աղօթք է, որ մեզ կը միացնէ Աստուծոյ, «Աստուծոյ հետ միութիւնը պարտադիր կերպով կ՝անցնի քրիստոնեաներու միջեւ միութեան միջոցաւ, որ կը հռչակենք միեւնոյն հաւատամքը»։

Նորին Սրբութիւնը ապա կը հրաւիրէ ճանչնալու ընդհանուր հաւատքի հռչակման գեղեցկութիւնը ընդգծելով, որ փոխադարձ սէրը հիմնական է հաւատքի դաւանանքի համար ։

«Սիրելի եղբայրներ յոյսով եմ, որ ձեր ներկայութիւնը կը դառնայ «մեր տեսանելի հաղորդութեան խորհրդանիշ, քանի կը ձգտինք փնտռել այն լիակատար միութիւնը, որ Տէրը Յիսուսը ջերմօրէն կը ցանկանայ (Յովհ 17,21), նշեց Սրբազան հայրը։
Ան ապա պատգամը կ՝աւարտէ  ապահովուելով իր աղօթքը իւրաքանչիւրին համար ինչպէս նաեւ անոնց եկեղեցիներուն համար ու շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը  կը հայցէր Տիրամօր հովանին բոլորին վրայ ապա կը հրաւիրէ արտասանելու Նիկիոյ հաւատամքը իւրաքանչիւրը իր լեզուով»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2025, 11:25