Վատիկան, Ճեմելլի հիւանդանոց Վատիկան, Ճեմելլի հիւանդանոց  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապը երկկողմանի թոքաբորբ ունի, բուժական գործընթացքը աւելի բարդ է

Քահանայապետը լաւ տրամադրուած է կը շարունակէ հանգիստ ընել աղօթելով եւ թերթեր կարդալով ու դեղորայքի օգնութեամբ բուժումը կը շարունակուի։ Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ մօտիկութեան համար եւ կը խնդրէ որ շարունակենք աղօթել իրեն համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին առողջապահական իրավիճակին մասին նոր տեղեկութիւններ փոխանցելով Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը երեքշաբթի 18 փետրուարին երեկոյեան ժամը 7,30 ժամանակները հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ տեղեկացուց հետեւեալը.

«Տարրալուծարանի հետաքննութիւնները, կրծքավանդակի շողանկարները եւ Սրբազան Պապին բժշկական վիճակը կը շարունակեն բարդ պատկեր ներկայացնել։ Բազմամանրէային վարակը, որ յառաջացած է ցնցղատապային ծանրաշունչ ցնցղատապի շրջագիծէն ներս եւ որ պահանջեց քորթիզոնի հակաբիոտիկ բուժական դարմանում, աւելիով կը բարդացնէ բուժման գործընթացը։ Կրծքավանդակի համակարգչային տոմոգրաֆիան, որուն ենթարկուեցաւ այսօր կէսօրէն ետք Սրբազան հայրը, որ առաջարկուած էր Վատիկանի առողջապահական խումբի և Fondazione Policlinico «A. Gemelli» հիմնարկի բժշկական անձնակազմի կողմէ , ցոյց տուաւ երկկողմանի թոքաբորբի սկիզբը, որ կը պահանջէ հետագայ դեղորայքային բուժական գործընթաց։ Հակառակ ասոր Ֆրանչիսկոս Պապը կը մնայ լաւ տրամադրութեամբ։ Այսօր առաւօտեան ան ստացաւ Սուրբ Հաղորդութիւնը եւ օրուան ընթացքին հանգիստը փոխարինեց աղօթքով եւ ընթերցանութեամբ։ Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն մօտիկութեան համար, զոր կը զգայ այս պահուն եւ երախտապարտ սրտով կը խնդրէ, որ շարունակենք աղօթել իրեն համար»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2025, 20:09