Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Շուէտի մէջ դպրոցի մը դէմ ահաբեկչական արարքին ի տես
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժին
Սրբազան Պապը «խորապէս տխուր» է զինեալ յարձակումին համար, որ տեղի ունեցաւ մեծահասակներու յատկացուած Örebro-ի դպրոցի մը դէմ երէկ 4 Փետրուարին, եւ որ պատճառեց 11 զոհ։ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող եւ Շուէտի Վարչապետին ուղղուած հեռագիրով մը Սրբազան Պապը ապահովեցուց իր «հոգեւոր մօտիկութիւնը, բոլոր անոնց, որոնք թիրախ դարձան այդ արկածին», զոր Շուէտի իշխանութիւնները որակեցին որպէս ամենածանր կրակոցը որ տեղի ունեցաւ Երկրին մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապը «իր աղօթքները ապահովեցուց ննջեցեալներու հոգւոյն հանգստեան համար, ու սուգի մէջ գտնուող անոնց ընտանիքներուն ու բարեկամներուն համար, շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով նաեւ բոլոր վիրաւորներուն»։
Այս դժուար պահի ընթացքին Սրբազան Պապը Շուէտացի ժողովուրդին վրայ հայցեց Ամենակալ Աստուծոյ միութեան ու խաղաղութեան պարգեւները։
Յայտնենք որ յարձակումի ընթացքին մահացած է նաեւ ահաբեկիչը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
