Ճեմելլի հիւանդանոցը ուր խնամք կը ստանայ Ֆրանչիսկոս Պապը Ճեմելլի հիւանդանոցը ուր խնամք կը ստանայ Ֆրանչիսկոս Պապը  (AFP or licensors)

Քահանայապետը կը շարունկէ խնամուիլ եւ յուզուած է իրեն ցուցաբերուած մօտիկութեան ու սիրոյ արտայայտութիւններուն համար

Այսօր առաւօտեան Ան ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը ապա նուիրուեցաւ աշխատանքային գործերու ու փաստաթուղթերու ընթերցանութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունակէ տաքութիւն չունենալ ու կը շարունկէ հետեւիլ նշանակուած բուժական խնամքին։ Անոր Կլինիկական պայմանները աներեր են։

Այսօր առաւօտեան Ան ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը ապա նուիրուեցաւ աշխատանքային գործերու ու փաստաթուղթերու ընթերցանութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապը յուզուած բազմաթիւ սիրոյ ու մօտիկութեան պատգամներուն համար զոր կը շարունակէ ընդունիլ այն վերջին ժամերուն, յատուկէն ան կ՛ուզէ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց որոնք այս պահուն հիւանդանոցի մէջ կը գտնուին, սիրոյ ու քնքշութեան զոր անոնք կ՛արտայայտեն գծագրութիւններու ու ապաքինման մաղթանքներու միջոցաւ. Կ՜աղօթէ անոնց համար ու կը խնդրէ որ աղօթք մատուցի իրեն համար։

Տեղեկատւութիւնն է սա զոր Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը տարածեց 17 Փետրուարի երեկոյեան- ուր կը նշուի որ Քահանայապետը կը շարունակէ հետեւիլ նշանակուած բուժական խնամքին ու կը շարունակէ ըստ կարելիին հետեւիլ աշխատանքներուն։

Այս օրերուն աշխարհի տարբեր վայրերէն Նորին Սրբութեան հասցէին ուղղուեցան ապաքինման բազմաթիւ բարի մաղթանքներ, որոնց շարքին նաեւ հիւանդանոցի մէջ գտնուող հիւանդներուն ու փոքրիկ հիւանդներուն կողմէ մաղթանքներ, որոնք յուզմունքի մատնած են Նորին Սրբութիւնը, որ անցեալ 14 Փետրուարէն ի վեր կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոցի իրեն վերապահուած յարկաբաժնին մէջ, որ կը գտնուի 10րդ յարկին վրայ, զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ անուանած էր «3րդ Վատիկան»։ 

Յայտնենք` որ այսօր առաւօտեան եւս հրատարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն պարունակութիւնը հասանելի է  այստեղ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2025, 19:15