Որոնել

Pope Francis hospitalized at Gemelli hospital in Rome

Քահանայապետը հանգիստ գիշեր մը անցուցած է

Այս 13րդ օրն է որ Սրբազան Պապը կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց, հիւանդանոցի 10րդ յարկին վրայ իրեն վերապահուած յարկաբաժնին մէջ ուր կը վայելէ բժիշկներուն խնամքը ի տես յայտնուած երկկողմանի թոքաբորբին։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` 26 Փետրուարի առաւօտեան Քահանայապետի առողջութեան մասին վերջին թարմացումով Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց որ Սրբազան Քահանայապետը հանգիստ գիշեր մը անցուցած է թէեւ երէկ գիշեր հրատարակուած հաղորդագրութեամբ մը նշուած էր թէ Նորին Սրբութեան վիճակը կը մնայ բարդ բայց աներեր։

Այս 13րդ օրն է որ Սրբազան Պապը կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց, հիւանդանոցի 10րդ յարկին վրայ իրեն վերապահուած յարկաբաժնին մէջ ուր կը վայելէ բժիշկներուն խնամքը ի տես յայտնուած երկկողմանի թոքաբորբին։

Երեկ երեկոյեան հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր ի միջի այլոց թէ Ան սուր շնչառական դրուագներ չէը ունեցած ու թէ «հեմոդինամիկ» չափանիշերը կը շարունակեն ըլլալ կայուն: Երեկոյեան Ան ենթարկուեցաւ նաեւ ծրագրուած տոմոկրաֆիայի որուն արդիւնքները ի յայտ կու գան այսօր։ Հաղորդագրութեան աւարտին նշուած էր նաեւ` որ «Կանխատեսումը կը մնայ զգուշաւոր վերապահութեամբ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2025, 08:15