Il Papa al Gemelli, possibile ricovero di alcuni giorni

Ֆրանչիսկոս Պապին առողջապահական վիճակը բաւականին լաւ է

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի լրագրողներուն հետ ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին տեղեկացուց` որ Սրբազան Քահանայապետը, որ երէկուընէ կը գտնուի Ակոսթինօ Ճեմելլի բազմաբուժարանին մէջ լաւ անցուցած է գիշերը, ու թէ այս առաւօտեան նախաճաշէն ետքը կարդացած է մի քանի թերթեր, շարունակելով առողջապահական խնամքները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 15 Փետրուարի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի լրագրողներուն հետ ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին տեղեկացուց` որ Սրբազան Քահանայապետը, որ երէկուընէ կը գտնուի Ակոսթինօ Ճեմելլի բազմաբուժարանին մէջ լաւ անցուցած է գիշերը, ու թէ այս առաւօտեան նախաճաշէն ետքը կարդացած է մի քանի թերթեր, շարունակելով առողջապահական խնամքները։ Պրունին նշեց նաեւ` թէ տակաւին յայտնի չէ եթէ Նորին Սրբութիւն Ճեմելլի հիւանդանոցէն պիտի կարենայ արտասանել Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը ու թէ այս մէկը յայտնի պիտի ըլլայ կէսօրէն ետքը։

Նշենք` որ երէկ 14 Փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտելէ ետք նախատեսուած պաշտօնական ունկնդրութիւնները փոխադրուեցաւ Ակոսթինօ Ճեմելլի բազմաբուժարան հիւանդանոց ախտորոշիչ հետաքննութիւններ կատարելու ու հիւանդանոցային միջավայրի մէջ շարունակելու ցնցղատապի բուժումները։

Արդարեւ Ան մի քանի օրերէ ի վեր կը տառապէր ցնցղատապի պատճառաւ, որուն հետեւանքով չէր կարող կարդալ ունկնդրութիւններու ընթացքին նախատեսուած ճառերը ու պատարագի քարոզները։

Միշտ երէկ` 14 Փետրուարին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը` չեղեալ յայտարարած էր Նորին Սրբութեան այս օրերուն նախատեսուած ունկնդրութիւններն ու պաշտօնական հանդիպումները որոնց շարքին շաբաթ առաւօտեան Յոբելենական Սուրբ Տարուան հրապարակային ունկնդրութիւնը ինչպէս նաեւ երկուշաբթի` 17 Փետրուարին նախատեսուած անոր «Cinecittà» կատարելիք այցելութիւնը ու արուեստագէտներու հետ հանդիպումը,

Իսկ վաղը` Կիրակի 16 Փետրուարին արուեստագէտներուն եւ մշակոյթի աշխարհին յոբելեանին սուրբ Պատարագը\ պիտի նախագահէ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ տէ Մէնտոնսա՝ կրթութեան եւ մշակոյթի վերատեսչութեան վերատեսուչը։

Միշտ Ուրբաթ երեկոյեան հրապարակուած այլ հաղորդագրութեան մը մէջ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց` որ «վերջին օրերուն ցնցղատապի վատթարացումէն յետոյ Սրբազան Քահանայապետը ենթարկուեցաւ մասնագիտացուած հետազօտութիւններու և սկսաւ հիւանդանոցային դեղաբանական խնամքը։ Նախնական արդիւնքները ցոյց տուին շնչառական ուղիներու վարակ»...Դեղաբանական խնամք` որ ըստ երեւոյթին կը շարունակուին այսօր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2025, 12:40