Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Սանրէմօ» փառատօնին «Երաժշտութիւնը խաղաղութեան գործիք է պատերազմները կը ոչնչացնեն մանուկները

Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը անակնկալի մատնեն Իտալական երաժշտութեան նուիրուած ամենայայտնի «Սանրէմօ» փառատօնին մասնակիցները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի 11 փետրուարին, երեկոյեան, 2025 թուականի «Սանրէմօ» փառատօնին ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով անակնկալի մատնեց դահլիճին մէջ գտնուող ներկաները ինչպէս նաեւ Եւրոպայէն եւ Իտալիայէն հեռուստակայանի միջոցաւ փառատօնին հետեւող ժողովուրդը։

Նշենք, թէ Իտալական երաժշտութեան ամենայայտնի երգիչներէն շատեր մասնակցած են 1951 թուականին հիմնուած ու ամէն տարի իրականացուած «Սանրէմօ» փառատօնին, որպէս հիւրեր, մրցակիցներ ու համարուած է աշխարհի ամենէնէն կարեւոր եւ երկարատեւ երաժշտական փառատօներէն մէկը։

Սոյն փառատօնը կը ներկայացնէ Իտալական լրատուամիջոցներուն գլխաւոր իրադարձութիւններէն մէկը, որ որոշակի հնչեղութիւնը ունի արտերկրին մէջ՝ քանի որ ուղիղ կը սփռուի թէ՛ Իտալական RAI 1 հեռուստակայանի, թէ Եւրովիզիոնի եւ թէ Ռատիոյի միջոցաւ։

Փառատօնը յաղթողին կը պարգեւուի Իտալիոյ Սանրէմօ քաղաքին  քաղաքապետարանի խորհրդանիշ «Սանրէմօ առիւծ»ի արձանիկը, որ ամենէն հեղինակաւոր ճանաչումն է Իտալացի երաժիշտներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամին մէջ ուշադրութեան հրաւիրեց հակամարտութիւններուն պատճառով աշխարհի մէջ տառապող եւ անարդարութիւններուն թիրախ մանուկներուն վրայ ընդգծելով, որ պատերազմները  մանուկները կը ոչնչացնեն։ Ան ապա  փափաքը յայտնեց, որ բոլոր անոնք որ իրար զիրար ատած են ողջագուրուին ու հաշտուին, ընդգծելով որ երաժշտութիւնը կարող է օգնել ժողովուրդներու միջեւ համակեցութեան մէջ ինչպէս նաեւ աւելի արդար եւ խաղաղ աշխարհ զարգացնելու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ կիսեց նաեւ երաժշտութեան հետ կապուած իր մանկութեան յիշատակները, մասնաւորապէս իր մօր յիշատակները, որ իրեն սորվեցուցած է ներդաշնակութեան արժէքը։

Յայտնենք, թէ Նորին Սրբութեան ուղերձը մեծ ոգեւորութիւն պատճառեց հանդիսատեսներուն, որոնք ի նշան գնահատանքի՝  իրենց խանդավառութիւնը յայտնեցին բուռն ծափահարութիւններով:

Փառատօնին հաղորդավար, Քարլօ Քոնթին շնորհակալութիւն յայտնեց Պապին պատգամին համար ընդգծելով Քահանայապետին խաղաղութեան ուղերձի կարեւորութիւնը՝ երաժշտութեան նուիրուած միջոցառումի ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2025, 11:28