Ճեմելլի հիւանդանոցը Ճեմելլի հիւանդանոցը  (Vatican Media)

Սիրոյ եւ աղօթքի մեծ ալիք Ֆրանչիսկոս Պապին համար

Բազմաթիւ մօտիկութեան պատգամներ կը հասնին Քահանայապետին իշխանութիւններու, հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ մեծ թիւով անձերու կողմէն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միշտ ընդգծած է աղօթքը, որպէս Աստուծոյ հետ վստահութեան եւ մտերմութեան արարք, սահմանելով զայն «Հոգիին շունչը»։ Ի պատասխան Անոր առողջութեան լուրերուն, բազմաթիւ կրօնական համայնքներ եւ բազմաթիւ երկիրներուն ղեկավարներ միացած են աղօթելու։

Կարդինալ Ֆէրնանտօ Քոմալի հրաւիրած է հաւատացեալները յառաջիկայ 20 փետրուարին մասնակցելու Պապին դիտաւորութեան նուիրուած աղօթքներուն։
Արժանթինի մէջ եւս եպիսկոպոսները յորդորած են համայնքները աղօթելու Պապին համար, Ճանչնալով քահանայապետին եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մատուցած անխոնջ ծառայութիւնը։ Նման նախաձեռնութիւններ կազմակերպուած են նաեւ Նիքարակուայի եւ Պելճիքայի մէջ, ուր եպիսկոպոսները կը խնդրեն աղօթել Պապին շուտափոյթ ապաքինումին համար։

Աջակցութեան հաղորդագրութիւնները հասած են նաեւ քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարներէն, ինչպէս Պրազիլի նախագահը, Հռոմի Րաբունապետը՝ շուտափոյթ ապաքինումի մաղթանքներով։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը ստանայ նաեւ շուտափոյթ ապաքինումի լաւագոյն բարեմախթանքներու հաղորդագրութիւններ ինչպէս նաեւ գծագրութիւնները եւ գրութիւնները, ոմանք հասած են Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ գտնուող մանուկներէն, մասնաւորապէս ուռուցքաբանական բաժանմունքի մէջ գտնուողներէն, որոնց Սրբազան Պապ երբեք չէ մոռցած այցելել նախորդ ժամանակները երբ միեւնոյն հիւանդանոցը կը գտնուէր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2025, 10:22