Որոնել

Վերադառնալ դէպի ակունքը` աղքատութեան, ողջախոհութեան եւ հնազանդութեան լոյսի միջոցաւ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորեց Տեառնընդառաջի տօնի նախօրէին նախատեսուած Ժամասացութեան արարողութիւնը, ի պատրաստութիւն 2 Փետրուարին նշուող Յիսուսի տաճար ընծայման տօնին, որ է նաեւ Նուիրեալ Կեանքի Համաշխարհային ԻԴ Օրը։
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ մէկ Փետրուարի երեկոյեան ժամը հինգին Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ  գլխաւորեց Տեառնընդառաջի տօնի նախօրէին նախատեսուած Ժամասացութեան արարողութիւնը, ի պատրաստութիւն 2 Փետրուարին նշուող Յիսուսի տաճար ընծայման տօնին, որ է նաեւ Նուիրեալ Կեանքի Համաշխարհային  ԻԹ Օրը։

Նուիրեալ Կեանքի Համաշխարհային Օր

Յայտնենք` որ Նուիրեալ Կեանքի Համաշխարհային Օրը առիթ է Եկեղեցւոյ համար համախմբուելու Նուիրեալ Կեանքի նուիրուած անձերուն շուրջ ու նաեւ աղօթք մատուցելու Տիրոջ որպէսզի մշակներ ուղարկէ իր հունձքին համար, սուրբ կոչումներ հրահրէ, որ ըլլան յոյսի աւետաբերներ ու խաղաղութեան կառուցողներ իրենց կեանքով վկայելով թէ ոչ մէկը բացառուած է Աստուծոյ ողորմութենէն։

Սրբազան Պապին քարոզը

Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց Յիսուսն Հօր Աստուծոյ ծրագրին լիակատար հաւատարմութեան կարեւորութիւնը նշելով որ այսօրուան արարողութիւնը որ կը կատարուի Յոյսի յոբելեանի ծիրէն ներս, պահ մըն է խորհրդածելու համար թէ ինչպէս նուիրեալ անձինք կարող են լոյս տանիլ աշխարհին` աղքատութեան, հնազանդութեան ու ողջախոհութեան ուխտերու միջոցաւ։ 

Աղքատութեան լոյսը

Առաջին լոյսը աղքատութեան լոյսն է, որ արմատացած է նոյնինքն Աստուծոյ կեանքին մէջ, որպէս փոխադարձ նուէր։ Աղքատութիւնը որ ապրուած է որպէս ազատութիւն կը մերժէ եսասիրութիւնը եւ կ՛ողջագուրէ զօրակցութիւնն ու սթափութիւնը

Ողջախոհութեան լոյսը 

Երկրորդը ողջախոհութեան լոյսն է, որ կ՛արտացոլայ Երրորդութեան յաւիտենական սէրը։ Անիկայ հրաժարելով ամուսնական սէրէն, կը յատկանշէ Աստուծոյ նկատմամբ սիրոյն առաջնութիւնը, եւ կղզիացումէն բուժումի ճանապարհ մը կը նուիրէ խթանելով ուրախ եւ հասուն փոխյարաբերութիւններ։ Հիմնական այս ծիրէն ներս հոգ տանիլ հասարակութիւններու մէջ հոգեւոր և զգացմունքային աճումին , ցոյց տալու համար նուիրուող սիրոյ  իրական գեղեցկութիւնը:

Հնազանդութեան լոյսը

Ի վերջոյ հնազանդութեան լոյսը որ ներկայացուած է որպէս որդիական եւ ոչ թէ ծառայական կախուածութիւն, ուր խթանուած է ունկնդրութիւնն ու պատասխանատուութիւնը։  Աշխարհի մը մէջ որ յատկանշուած է անհատապաշտութեամբ, նուիրեալ անձերու հնազանդութիւնը կը հրաւիրէ ունկնդրութեան ու գործնականութեան վրայ հիմնուած փոխյարաբերութիւններ հաստատելու, շրջանցելով կղզիացումը եւ բացայայտելով Աստուծոյ ծրագրին մէջ սեփական գոյութեան իմաստը։ 

Սրբազան Պապը քարոզի աւարտին կարեւորեց նուիրեալ կեանքին մէջ դէպի ակունք դառնալու անհրաժեշտութիւնը, որ պէտք է սկսի Քրիստոսով ու անոր Հօր ըսած Այոյով։ Այս նորոգումը կարելի կը դառնայ պաշտամունքին մէջ եւ հաւատքի վերաբացայայտումին միջոցաւ` բոլորս միասին կրկնելով. «Ահաւասիկ եմ ես, քու Կամքդ կատարելու համար ով Աստուած»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2025, 18:14