Որոնել

VATICAN-RELIGION-HEALTH

Սրբազան Պապը ստեղծեց Սուրբ Աթոռին նուիրատուութիւններու յանձնախումբ

Ան պիտի աշխատի խրախուսել հաւատացեալներու, եպիսկոպոսական համաժողովներու և այլ հնարաւոր բարերարներու ներդրումները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

11 Փետրուար 2025 թուակիր ինքնագիր նամակով մը, Ֆրանչիսկոս Պապը ստեղծեց «Commissio de donationibus pro Sancta Sede» Սուրբ Աթոռին նուիրատուութիւններուն յանձնախումբ մը` որուն «յատուկ պարտականութիւնն է խրախուսել հաւատացեալներու, եպիսկոպոսական համաժողովներու և այլ հնարաւոր բարերարներու ներդրումները, ընդգծելով անոնց կարեւորութիւնը Առաքելական Աթոռի բարեսիրական գործերու եւ առաքելութեան համար, եւ կամաւոր նուիրատուներէ ֆինանսաւորումներ հայթայթել յատուկ ծրագիրներու համար, որոնք ներկայացուած են Հռոմի Քուրիայի կառոյցներու եւ Վատիկան քաղաքի Կառավարութեան կողմէ, առանց վնասելու իւրաքանչիւր մարմնի ինքնավարութեան և ըստ օրէնքի յատուկ իրաւասութեան»։

Յանձնախումբը առ այժմ կազմուած է հինգ անդամներէ եւ կարող է ունենալ մինչեւ վեց անդամներ։ Գերապ. Ռոպերթօ Քամփիզի` Պետական Քարտուղարութեան ընդհանուր գործերու Խորհրդական, որ կը նախագահէ յանձնախումբը, ապա Գերապ. Ֆլավիօ Փաչէ, քրիստոնեաներու միութեան խթանումի վերատեսչութեան քարտուղար, Քոյր Ալեսսանտրա Զմերիլլի` Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան քարտուղարը, Քոյր Սիլվանա Փիրօ, Առաքելական Աթոռի գոյքի կառավարման ենթաքարտուղարը, ապա Փաստաբան Ճուզեփփէ Պուլյիզի Ալիպրանտի, Վատիկանի քաղաքի Կառավարութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ.

Իր գործառոյթներն իրականացնելու համար յանձնաժողովը պիտի ունենայ «համակարգող գործիքի» դերակատարութիւնը «այլ դրամահաւաքներու ձեւերու համար»։

Յանձնախումբը իր գործը իրականացնելու համար ամէն տարի զարկ պիտի տայ «դրամահաւաքի արշաւի», բացայայտելով «գործառնական տարածքները և իրականացման մեթոդները» և սահմանելով «գործողութիւններու ամբողջ կամ մասի մը ծրագրումը»:

Յանձնաժողովը, «Հաստատութիւններու կողմէ ներկայացուած նախագիծերու բացակայութեան պարագային, կարող է նախատեսել «պահեստային» միջոցներու հաւաքագրում, որոնք կյատկացուին յետագայ նպատակներու»։ Գործող կանոնակարգը պէտք է ընդունուի երեք ամսուայ ընթացքին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2025, 12:40