Ֆրանչիսկոս Պապին կլինիկական վիճակը կը մնայ աներեր
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
«Ֆրանչիսկոս Պապին կլինիկական վիճակը կը ներկայանան անշարժ։ Բժշկական անձնակազմի կողմէ գնահատուած արեան քնութիւնները, ցոյց կու տան թեթեւ բարելաւում, յատկապէս բորբոքային չափանիշերուն մէջ։ Առաւօտեան նախաճաշէն ետքը, Քահանայապետը կարդաց օրաթերթեր ապա իր ամենամօտ համագործակիցներուն հետ միասին նուիրուեցաւ աշխատանքային գործունէութեան։ Կէսօրուայ ճաշէն առաջ ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Կէսօրէն ետքը ընդունեց Իտալիոյ Վարչապետ Ճորճա Մելոնիին այցելութիւնը, որուն հետ ունեցաւ 20 վայրկեան տեւած առանձնական հանդիպում»։
Այս կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին 19 Փետրուարի երեկոյեան ժամը եօթի ժամանակները հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր նորութիւններ կը մատուցին Ֆրանչիսկոս Պապին առողջական վիճակի ու անոր բուժական դարմանումի ընթացքի մասին։
Իսկ ինչ կը հայի Իտալիոյ Վարչապետ Ճորճա Մելոնիի այցելութեան Վարչապետի գրասենեակը տեղեկացուց, թէ Ան այցելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին փոխանցած է Իտալիոյ Կառավարութեան ու իտալացիներուն շուտաբոյթ ապաքինումի մաղթանքները ։
«Շատ ուրախ եմ, որ զԱյն գտա արթուն եւ արձագանգող» ըսաւ Վարչապետ Մելոնին, աւելցնելով, որ «Կատակ ըրինք ինչպէս միշտ։ Ան չէ կորսնցուցած իր առակային հումորի զգացումը»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
