Սրբազան Պապը յիշեց տեղահանուած պաղեստինցիները եւ աղօթք խնդրեց անոնց համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
5 Փետրուարի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Սրբազան Պապը հակառակ որ հարբուխի պատճառաւ նախընտրած էր անձամբ չկարդալ խորհրդածութիւնը եւ հաւատացեալներուն զանազան լեզուներով ուղղուած ողջոյնի խօսքերը, իտալացի ուխտաւորներու պարագային անձամբ ընթերցեց խօսքը որուն աւելցուց կոչ մը` հրաւիրելով մտածել պատերազմի պատճառաւ տառապող բոլոր Երկիրներուն որոնցմէ յիշեց Ուքրանիան, Իսրայէլը, Պաղեստինը….«Շատ մը երկիրներ` որոնք կը տառապին», ըսաւ Ան, հրաւիրելով նաեւ յիշել Պաղեստինի տեղահանները ու աղօթել անոնց համար։
Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ապա երիտասարդները, հիւանդները, տարեցներն ու նորապսակները, քաջալերելով զանոնք ըլլալու «ուրախ յոյսի մէջ, համբերող նեղութեան մէջ, յարատեւող աղօթքի մէջ, մասնակից եղբայրներու կարիքներուն» ինչպէս կը յորդորէ Պօղոս առաքեալ Հռովմէացիներուն ուղղած նամակին մէջ (Հռովմ. 12, 12-13)։ «Բոլորիդ իմ օրհնութիւնս» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։
Նշենք` որ Լեհաստանէն ժամանած ուխտաւորներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Պապը քաջալերած էր զանոնք աղօթելու քահանաներուն ու նուիրեալ անձերուն համար, որոնք իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն աղքատ ու պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներու մէջ, ինչպէս Ուքրանիոյ ու Միջին Արեւելքի մէջ։ Մինչ Ֆրանսացի ուխտաւորներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը հրաւիրած էր զանոնք Տիրոջմէ խնդրելու` որ ամրապնդէ անոնց հաւատքը ու հետեւելու Մարիամի դպրոցին, մշակելով բաց սիրտ մը Աստուծոյ եւ եղբայրներու նկատմամբ «մեր աշխարհը աւելի ուրախ եւ աւելի եղբայրական դարձնելու համար»։
Անգլերէն լեզուով ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Պապը յատուկէն ողջունած էր Իռլանդայէն, Ինտոնէզիայէն, Մալայիզիայէն, Ֆիլիփինեան կղզեխումբէն ու Միացեալ Նահանգներէն ժամանած ուխտաւորները մաղթելով` որ Յոբելեանը անոնց համար ըլլայ առիթ հոգեւոր նորոգումի ու Աւետարանի ուրախութեան մէջ աճումին։ Իսկ չինացի հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը խրախուսած էր զանոնք ըլլալու միշտ խաղաղութեան կառուցողներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
