Մայր Թերեզայի միաբանութեան քոյրերը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ Մայր Թերեզայի միաբանութեան քոյրերը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ  (Vatican Media)

Գթութեան միսիոնարները Քահանայապետին մօտ յիշելու համար իրենց հիմնադիր Մայր Թերեզան

«Քալքութայի Մայր Թերեզային սիրտը կը շարունակէ զօրեղ կերպով տրոփել մեր բոլորի սրտերուն մէջ ու յոյսի այս Յոբելեանին առիթով մեզ կը խրախուսէ, երբեք չի յանձնուելու ու շարունակելու հետեւիլ Յիսուսին» ըսաւ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Միաբանութեան մեծաւոր մայրը, ապա աւելցուց թէ աշխարհի մը մէջ որ հետեւողական կերպով կը վազէ արհետագիտական զարգացումի ետին, «պէտք չէ երբեք մոռնալ, որ մարդուս իսկական զարգացումը այն է` ամէն օր նուիրուիլ մերձաւորին, բոլոր սրտով»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմէական յայսմաւուրքի մէջ Մայր Թերեզային տօնը ներառնելուն յաջորդ օրը Գթութեան Միսիոնարներու միաբանութեան անդամները մասնակցեցան Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան շնորհակալութիւն յայտնելով անոր ու խնդրելով` որ «օրհնէ իրենց առաքելութիւնը, որ ուղղուած է աւելիով խոնարհներու ծառայութեան»։

Արդարեւ Միաբանութեան Մեծաւորուհին Քոյր Ժոզէֆ աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած իր 35 միաբանակից քոյրերուն հետ միասին, ուզեց հանդիպիլ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, իր ու միաբանութեան երախտագիտութիւնը արտայայտելու` միաբանութեան հիմնադիր Քալքութայի Սրբուհի Մայր Թերեզան հռովմէական պաշտօնական յայսմաւուրքին մէջ գրանցելուն համար։

«Քալքութայի Մայր Թերեզային սիրտը կը շարունակէ զօրեղ կերպով տրոփել մեր բոլորի սրտերուն մէջ ու յոյսի այս Յոբելեանին առիթով մեզ կը խրախուսէ, երբեք չի յանձնուելու ու շարունակելու հետեւիլ Յիսուսին» ըսաւ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Միաբանութեան մեծաւոր մայրը, ապա աւելցուց թէ աշխարհի մը մէջ որ, հետեւողական կերպով կը վազէ արհետագիտական զարգացումի ետին, «պէտք չէ երբեք մոռնալ, որ մարդուս իսկական զարգացումը այն է` ամէն օր նուիրուիլ մերձաւորին, բոլոր սրտով»։

Ճիշտ «Dilexit nos» յորդորագիրով Քահանայապետը մեզ կը խրախուսէ վերագտնել Յիսուսի Սուրբ Սիրտը, ընկալել Քրիստոսին սէրը, զոր այն սէրն է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրս պէտք է վերապահէ խոնարհներուն, հիւանդներուն, անպաշտպաններուն, ինչպէս մեզի սորվեցուց Մայր Թերեզան, որու կամայական ծիսական յիշատակը կը նշուի սեպտեմբերի 5-ին» ըսաւ ի միջի այլոց քոյր Ժոզէֆը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2025, 08:00