2024.11.07 Ufficiali e Militari del Comando Trasporti e Materiali

Զինեալ ուժերու Յոբելեանը` Քահանայապետերուն խօսքերը խաղաղութիւն կառուցողներուն

«Ի տես առօրեայի մարտահրաւէրներուն դուք ցոլացուցէք քրիստոնէական յոյսը որ հաւաստիքն է սիրոյ յաղթանակին ատելութեան վրայ ու խաղաղութեան յաղթանակին պատերազմին վրայ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Ամետէօ Լոմոնքաօ - Վատիկան

Յոյսի Յոբելենական տարւոյն` Հաղորդակցութեան աշխարհի նուիրուած առաջին մեծ յոբելենական ձեռնարկէն ետքը` 8 եւ 9 Փետրուարին տեղի կ՛ունենայ Զինեալ ուժերուն յատկացուած երկրորդ մեծ յոբելենական ձեռնարկը, որուն առիթով կը ներկայացնենք Քահանայապետերուն անոնց յղած պատգամներէն ու խօսքերէն հատուածներ, որոնց կիզակէտը կը կազմէ «խաղաղութիւն» բառը։ ։

Եղբայրութեան կոչ

1950 Սուրբ Տարին առաջին Յոբելենական տարին էր Բ համաշխարհային պատերազմի սարսափներէն ետքը եւ Սուրբ Ծննդեան ռատիօպատգամին մէջ` 23 դեկտեմբեր 1949ին, Պիոս ԺԲ Քահանայապետը յոյս կը յայտնէ, որ Յոբելենական տարին, հակառակորդ բանակներու միջև կատաղի կռիւներէն ցնցուած ժամանակներէն յետոյ, ըլլայ «մեծ վերադարձի տարի, մեծ ներման տարի»:

«Այս Սուրբ Տարիէն կը սպասենք որ միջազգային հասարակութիւնը վերադառնայ Աստուծոյ ծրագիրին, որուն համաձայն բոլոր ազգերը սահմանուած են կերտելու մարդկային մեծ ընտանիք մը, խաղաղութեան ոչ պատերազմի, համագործակցութեան ոչ կղզիացումի, արդարութեան եւ ոչ ազգային եսասիրութեան մէջ… փոխադարձ օգնութեան ու բարիքներու հաւասար բաշխումի մէջ … Սուրբ Տարին` է եւ կ՛ուզէ նշանակել նաեւ զօրեղ կոչ մը ու նաեւ օժանդակութիւն` մարդոց միջեւ եղբայրութեան»։

Քաղաքակրթութիւնը երաշխաւորող արդարութիւն

25 տարիներ ետք Պօղոս Զ Քահանայապետը` 23 նոյեմբեր 1975-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ 16 հազար զինուորներու մասնակցութեամբ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ըսած էր. «Ի՞նչու Հռոմ եկած էք։ Եկած էք` որովհետեւ դուք մարդ էք ու մարդս պէտք ունի Աստուծոյ, Քրիստոսին, կրօնին ու փրկութեան եւ կը զգայ այս ծարաւը յագեցնելու կարիքը կապ հաստատելով Աստուծոյ Որդիին հետ… Դուք եկած էք, որովհետեւ պէտք ունիք խաղաղութեան եւ այդ խաղաղութեան համար զոր կը փափաքիք պէտք է որ յանձնառու ըլլաք...զէնքերը ձեզի համար պէտք չէ` որ վիրաւորանքի համար ըլլան այլ միայն եւ միշտ պաշտպանութեան համար, պաշտպանութիւնը, որ կարիքը չունենայ զէնքի գործածութեան այլ միտում ունենայ միայն ուժ պարգեւելու արդարութեան ու խաղաղութեան… Դուք եկած էք տօնախմբելու արդարութիւնը որ կ՛երաշխաւորէ քաղաքակրթութիւնը, կարգ ու կանոնը, ազգերու ու ժողովուրդներու միջեւ յարգանքը։ Եւ ճիշտ այս արդարութեան պտուղն է խաղաղութիւնը։ Ձեր զէնքերը թող ըլլան խորհրդանիշ ու պաշտպանութիւն եւ այս լոյսին ներքոյ է, որ ձեր աշխատանքը քաղաքացիական ընկերութեան մէջ կը գտնէ իր ամբողջական իմաստը»

Խաղաղութիւնը իւրաքանչիւր մարդու հիմնական իրաւունք

2000 դարաշրջանային մեծ Յոբելեանին առիթով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ հաստատած էր` թէ խաղաղութիւնը իւրաքանչիւր մարդու հիմնական իրաւունքՆ է եւ այդ տարուայ 19 նոյեմբերին արտասանած քարոզին մէջ շեշտը դրած էր խաղաղութեան ի սպաս առօրեայ յանձնառումին վրայ, խրախուսելով զինուորականները պայքարելու չարին դէմ, պաշտպանելու տկարները, ու խթանելու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը։

Եղբայրներ եւ քոյրեր, որ Հռոմ ժամանած էք երկրի տարբեր վայրերէն...դուք կը ներկայացնէք այն բանակները` որոնք իրար դէմ պայքարեցան պատմութեան ընթացքին եւ ժամադրութիւն տուած էք Սուրբ Պետրոսի դամբանին մօտ, տօնախմբելու համար Քրիստոսը` մեր յոյսը, Ան որ երկու ժողովուրդներէն կազմեց մէկ ժողովուրդ, քանդելով բաժանումին պատերը, այսինքն թշնամութեան պատերը։ Անոր` որ խորհրդաբար եւ իսկապէս ներկայ է Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, եկած էք նուիրելու ձեր մտադրութիւնները ու ձեր առօրեայի խաղաղութիւն կառուցողներու յանձնառումը։

Եղէք հաշտութեան գործիքներ, կամուրջներ կառուցողներ ու խաղաղութիւն սերմանողներ

Իսկ 2016-ի արտակարգ Յոբելեանի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով զինեալ ուժերու ու ոստիկանութեան անդամները` որոնք համայն աշխարհէն ուխտագնացութեամբ Հռոմ եկած էին Ողորմութեան Յոբելեանին առիթով, ընդգծեց անոնց հիմնական դերը` մարդոց ու ժողովուրդներուն անվտանգութիւնը ապահովելու գործին մէջ։

«Եղէք հաշտութեան գործիքներ, կամուրջներ կառուցողներ ու խաղաղութիւն սերմանողներ» ըսած էր անոնց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, թէ «կանչուած էք սատարելու նաեւ ճշմարտութեան, արդարութեան, սիրոյ ու ազատութեան վրայ հիմնուած համակարգ մը կառուցելու»։

«Ի տես առօրեայի մարտահրաւէրներուն դուք ցոլացուցէք քրիստոնէական յոյսը, որ հաւաստիքն է սիրոյ յաղթանակին ատելութեան վրայ ու խաղաղութեան յաղթանակին պատերազմին վրայ» ըսած էր ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2025, 08:00