Որոնել

2025.02.07 Membri della Rete "Talitha Kum", in occasione della Giornata Mondiale di Preghiera contro la Tratta di esseri umani

Միանալ՝ պայքարելու մարդավաճառութեան դէմ, դրսեւորելու կարեկցանք զոհերու նկատմամբ եւ դառնալու յոյսի դեսպաններ․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը Փետրուար 7ին ընդունեց «Թալիթա Քում» միջազգային ցանցի պատուիրակութեան անդամները։ Ցնցղատապի պատճառաւ Նորին Սրբութեան Փետրուար 7ի հանդիպումները նոյնպէս տեղի ունեցան Վատիկանի Սանթա Մարթա Տան մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակը երեկ, 6 Փետրուարին, յետմիջօրէին լրագրողներուն ուղղած յայտարարութեամբ մը՝ նշած էր, որ թոքային ցնցուղներու բորբոքումի պատճառաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Փետրուար 7ի եւ 8ի գործունէութիւնը պիտի շարունակէ իրականացնել Վատիկանի Սանթա Մարթա Տան մէջ ։

Նորին Սրբութիւնը, յիրաւի, այսօր՝ Փետրուար 7ին շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ իր նստավայրին մէջ, որոնց ծիրէն ներս առաւօտեան ընդունեց Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի «Talitha Kum - Թալիթա Քում» միջազգային ցանցի պատուիրակութեան անդամները, որոնք Հռոմ ժամանած են «Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խոկումի ԺԱ Համաշխարհային Օրուան» առիթով։

Սրբուհի Պախիթայի կեանքը եւ պայքարը՝ ներշնչանքի եւ ուժի աղբիւր

Յիշեցնենք, որ «Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խոկումի Օրը» հաստատուած է 2015 թուականին՝ Սրբազան Քահանայապետի ցանկութեամբ՝ ի յիշատակ մարդավաճառութեան զոհ եւ Եկեղեցւոյ յանձնառութեան համամիութենական խորհրդանիշ Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթային, որու տօնը կը նշուի Փետրուար 8ին։

Ներկաներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց, որ Սրբուհի Պախիթայի կեանքը եւ պայքարը կարող են ներշնչանքի եւ ուժի աղբիւր դառնալ՝ մարդավաճառութեան զոհ դարձած անձերուն համար։

Մարդավաճառութիւնը՝ հասարակական ժանտախտ, անտարբեր չըլլալ եւ միաւորել ուժերը

Մարդավաճառութիւնը որպէս «համաշխարհային երեւոյթ» եւ «որպէս հասարակական ժանտախտ» բնութագրելով, Պապը շեշտեց, որ ան կը խլէ միլիոնաւոր մարդկանց կեանքեր՝ կանգ չ’առնելով ոչ մէկ բանի առջեւ։

«Այս ողբերգութեան դիմաց չենք կարող անտարբեր մնալ եւ պէտք ենք միաւորել ուժերը՝ (…) պայքարելու համար յանցագործութեան այս ձեւի դէմ, որ օգուտ կը քաղէ ամենախոցելի մարդկանց մաշկի հաշուին», յարեց Սրբազան Քահանայապետը։

Մարմնի առեւտուրը եւ հարկադիր աշխատանքը խայտառակութիւն են, որոնք կը խախտեն մարդու հիմնարար իրաւունքները, եղաւ Սրբազան Հօր յաջորդ շեշտադրումը։

Երիտասարդներու դերը

Ֆրանչիսկոս շնորհակալութիւն յայտնեց ապա շաբթուան մասնակցելու եկած ցանցի բոլոր անդամներուն՝ յատկապէս երիտասարդներուն ապա ցանցի մաս կազմող բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն յորդորեց շարունակել միաւորել ուժերը՝ «ունկնդիր ըլլալ զոհերու ու վերապրածներու պատմութիւններուն, բուժել անոնց վէրքերը եւ սփռել անոնց ձայնը»։

«Այս մէկը կը նշանակէ ըլլալ յոյսի դեսպաններ. եւ իմ յոյսս է, որ այ Յոբելեանին շատ այլ մարդիկ պիտի հետեւեն ձեր օրինակին» եզրափակեց ի վերջոյ իր խօսքը Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2025, 12:28