Ֆրանչիսկոս Պապ. Պատասխանատուութիւն եւ ոչ անպատժելիութիւնը արհեստական բանականութեան օգտագործումին մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց՝ պատասխանատուութեան ենթարկելու արհեստական բանականութիւնը, ընդգծելով անչափահասներու սեռային շահագործումներու ու «այդ քաղցկեղը ընկերութենէն վերացնելու» կարեւորութիւնը։ Փերույի Լիմա քաղաքաքին մէջ գումարուած CEPROME Լատինամերիկեան Դ-րդ համաժողովին մասնակիցներուն ուղղած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց արհեստավարժութեան զարգացման հետ կապուած սպառնալիքները, մասնաւորապէս անպատժելիութեան պատրանքը, որ կարող է առաջացնել համացանցը եւ արհեստական բանականութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ ինչպէս արհեսագիտութիւնը կարող է նպաստել անպատասխանատու գործողութիւններուն ստեղծելով համադրական բովանդակութիւններ, որոնք կը քօղարկեն օգտատէրերուն վերաբերմունքի մրցակցութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ներկայացուց արհեստական բանականութեան անպատասխանատու օգտագործումի հետեւանքով առաջացած վնասները, ինչպէս անպատշաճ վերաբերմունքներու մրցակցութիւնը եւ իշխանութիւններուն դժուարութիւնը՝ համադրական եւ իրական բովանդակութիւնները զատորոշելու մէջ։ Յորդորեց ձայն տալ Աստուծոյ եւ զոհերուն, խնդրելով յստակ սահմաններ եւ կանոններ՝ կանխելու համար արհեստագիտութեան վնասակար օգտագործումը։
CEPROME-ի տնօրէնուհին, Մարիա Ինէս Ֆրանք շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին եկեղեցւոյ մէջ մշակոյթի կանխարգիլման զօրակցութեան համար, մինչ Գերպ. Մանուէլ Ալի Հեռերա ընդգծեց միջազգային համագործակցութեան կարեւորութիւնը դիմագրաւելու համար արհեսական բանականութեան մարտահրաւէրները, ընդգծելով ունկնդրութեան տարածքները ստեղծելու կարեւորութիւնը՝ սեռային շահագործումին ենթարկուած զոհերուն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
