Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսներուն. Գաղթականներուն արտաքսումը կը վիրաւորէ մարդկային արժանապատւութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներուն, ի պատասխան ներգաղթեալներու և փախստականներու զանգուածային արտաքսման ծրագիրներուն, հաստատելով որ այսպիսի արարքներ կը վիրաւորեն մարդկային արժանապատւութիւնը։
Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը զօրակցութիւն կ՛արտայայտէ եպիսկոպոսներուն ու կը դատապարտէ գաղթականներուն դիմագրաւած անարդարութիւնները, ի յայտ դնելով այն իրողութիւնը` որ բազմաթիւ մարդիկ կը փախչին ի տես աղքատութեան, հալածանքի ու բռնութեան իրադարձութիւններուն։
Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ հուսկ` թէ իրական օրէնքը յարգող Պետութիւնը մը կը չափուի իւրաքանչիւր անհատի ցուցաբերած արժանավայել վերաբերմունքի հիման վրայ։ Ընդունելով ապա թէ իւրաքանչիւր Երկիր իրաւունք ունի պաշտպանելու իր հասարակութիւնները Քահանայապետը բայց նկատել կու տայ` թէ արտաքսումները հակառակ են մարդկային արժանապատւութեան յարգանքին, որ հիմնական արժէք մըն է։
Նորին Սրբութիւնը առ այդ կը հրաւիրէ քրիստոնեայ հասարակութիւնները հանրային քաղաքականութիւններն ու օրէնքները դիտելու մարդկային արժանապատւութեան ոսպնեակի միջոցաւ ու չի յանձնուելու այն իրականութեան որ խտրականութեան կը մատնէ գաղթականները։
Ան ապա նամակը կ՛եզրափակէ Կուատալուփի Տիրամօր ուղղուած աղօթքով մը` որպէսզի պահապան կանգնի անոնց, որոնք կ՛ապրին վախի մէջ գաղթականութեան ու արտաքսումի պատճառաւ, հրաւիրելով բոլորը` աշխատելու աւելի ընդելուզող ու աւելի յարգալից ընկերութեան մը ի նպաստ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
