2025.02.06 Membri dell'Ordine Interprovinciale della Professione di Ostetrica di Catanzaro

Հակադարձել ծնելիութեան նուազման միտումը․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Քաթանզարօ, Քոզենցա, Քրոթոնէ եւ Վիպօ Վալենցիա նահանգներու մանկաբարձուհիներուն անոնց յանձնած ճառին մէջ շեշտելով մասնագիտութեան կարեւորութիւնը՝ ինչպէս արհեստավարժութեան, այնպէս ալ՝ մարդկային եւ հոգեւոր տեսանկիւնէ։ Տարրեր, որոնք փոխկապակցուած եւ հիմնարար են երեխայի ծնունդը սպասող ընտանիքներու բարեկեցութեան համար:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 6 Փետրուարին Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Քաթանզարօ, Քոզենցա, Քրոթոնէ եւ Վիպօ Վալենտիա նահանգներու մանկաբարձուհիներուն, կնախտաբան բժիշկներուն եւ բժշկական ողջ անձնակազմին։

Այս առթիւ պատրաստած պատգամը Քահանայապետը հարբուխի պատճառաւ չկրցաւ կարդալ եւ զայն յանձնեց ներկաներուն՝ միաժամանակ հակիրճ խօսք մը ուղղեց անոնց՝ կիսելով որոշ անձնական յիշողութիւններ:

Իտալիան եւ այլ երկիրներ կորսնցուցած են զաւակներ ունենալու ոգեւորութիւնը

«Շատ գեղեցիկ մասնագիտութիւն է, այն կոչում եւ կեանքի օրհներգ է», կը կարդանք Քահանայապետի գրաւոր պատգամին սկիզբը, որուն մէջ Ան ընդգծած է մասնագիտութեան կարեւորութիւնը յատկապէս այս «պատմական պահուն», երբ երեխայի մը ծնունդը «ստեղծագործութեան եւ երջանկութեան նոր հորիզոնի» փոխարէն կը դիտուի որպէս «դժուարութիւններու եւ խնդիրներու աղբիւր»։

Նկատել տալով, որ «Իտալիոյ եւ շատ այլ երկիրներու մէջ կը թուայ թէ կորած է մայրութեան եւ հայրութեան նկատմամբ ոգեւորութիւնը» եւ շեշտելով վերոնշեալ իտալական նահանգներու կողմէ ծնելիութեան նուազման միտումը հակադարձելուն ուղղուած ծրագիրը, Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն յանձնած իր գրաւոր պատգամին առանցքը դարձուցած է երեք փոխլրացնող եւ փոխկապակցուած ոլորտներ, որոնք կարեւոր են այդ առաքելութեան ճանապարհին, որ են՝ արհեստավարժութիւնը, մարդկային զգայունութիւնը եւ աղօթքը։

Արհեստավարժութիւն

Առաջին կէտը արհեստավարժութիւնն է։ Ըստ Քահանայապետի՝ «մասնագիտական​​հմտութիւններու​​ շարունակական կատարելագործումը ոչ միայն բարոյագիտական պարտականութիւն մըն է», այլ նաեւ վստահուած բարեգործութիւնը լաւագոյնս ի գործ դնելու միջոց, հետեւաբար արհեստավարժութիւնը «հանգստութիւն կը հաղորդէ ապագայ մայրերուն եւ կարող է կեանքեր փրկել լուրջ իրավիճակներէն ներս»։

Մարդկային զգայունութիւն

Երկրորդ կէտը կը վերաբերի մարդկային զգայունութեան․ ծննդեան նուրբ պահուն ծնողներն իրենք զիրենք դիւրաբեկ կը զգան՝ կարիք ունենալով առաւել քնքշութեան ու ջերմութեան։ Ուստի մասնագիտական ​​հմտութիւններ զարգացնելու հետ միաժամանակ Սրբազան Քահանայապետը յորդորած է զարգացնել մարդասիրութեան ուժեղ զգացում, ինչը կարող է փոխանցել եւ խրախուսել նոր կեանք մտած էակի նկատմամբ ուրախութիւնը:

Աղօթք

Անդրադառնալով երրորդ կէտին՝ աղօթքին, Ֆրանչիսկոս Պապը «թաքնուած, սակայն արդիւնաւէտ դեղամիջոց» բնութագրած է զայն, որ կը բուժէ հոգին:

«Անոնց համար, որոնք կը հաւատան» եւ «միշտ տարբեր հաւատքները յարգելով»՝ աղօթքը կ’ամրապնդէ համագործակցութիւնը ծնողներու, բնութեան եւ Աստուծոյ միջեւ, որմէ կը ծնի նոր մարդկային էակ՝ Արարիչին պատկերին եւ նմանութեան համաձայն», գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը՝ յղում կատարելով Պիոս ԺԲ խօսքերուն։

Ամփոփելով պատգամը՝ Նորին Սրբութիւնը ընդգծած է անգամ մը եւս արհեստավարժութեան, մարդկային զգայունութեան եւ հոգեւորութեան կարեւորութիւնը՝ քաջալերելով մասնակիցները իրականացնել առաքելութիւնը խանդավառութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2025, 12:56