Որոնել

2019.02.01 Presentazione al Tempio di Gesù Cristo, presentazione del Signore

Ֆրանչիսկոս Պապը կը գլխաւորէ Քրիստոսի ի Տաճարն ընծայումի ժամասացութեան արարողութիւնը

Ս. Աստուածամայրը քառասնօրեայ Յիսուս Մանկան հետ կը ներկայանայ Տաճար ուր կը հանդիպի Սիմէոն ծերունիին, որուն Ս. Հոգիէն հրամայուած էր մահ չտեսնել, մինչեւ Տիրոջ Օծեալը տեսնելը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ մէկ Փետրուարի երեկոյեան ժամը հինգին Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Տեառնընդառաջի տօնի նախօրէին նախատեսուած Ժամասացութեան արարողութիւնը ի պատրաստութիւն 2 Փետրուարին նշուող Յիսուսի տաճար ընծայման տօնին որ է նաեւ Նուիրեալ Կեանքի Համաշխարհային ԻԹ Օրը։

Տեառնընդառաջի տօն

Տեառնընդառաջի տօնը տօնն է Քրիստոսի, «ժողովուրդիններու լոյս» ու Մեսիայի հանդիպումին իր ազգի զաւակներուն հետ։

Ըստ Հրէական Օրէնքի` ամէն արու զաւակի ծնունդէն յետոյ, երբ կը լրանան սրբագործման քառասուն օրերը, նորածինին մայրը իր երեխայի հետ կ՛այցելէր Տաճար, զոհ կը մատուցանէր եւ օրհնութիւն կը ստանար քահանայէն:

Այսպէս Ս. Աստուածամայրը քառասնօրեայ Յիսուս Մանկան հետ կը ներկայանայ Տաճար ուր կը հանդիպի Սիմէոն ծերունիին, որուն Ս. Հոգիէն հրամայուած էր մահ չտեսնել, մինչեւ Տիրոջ Օծեալը տեսնելը:

Աւանդութիւն

Հայ Եկեղեցւոյ կանոնին համաձայն, տօնին նախօրէին, երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ կը կատարուի նախատօնակ, որ կ'աւետէ Տէրունի տօնին սկիզբը: Նախատօնակի արարողութեան աւարտին՝ կը կատարուի հնաւանդ անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին կ'օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը:

Ժամերգութեան աւարտին մարդիկ եկեղեցիին մէջ վառուող մոմէն կը վառէին իրենց մոմերը՝ Քրիստոսի փրկարար լոյսի խորհրդանիշը իրենց հետ տանելով տուն։

Ժողովրդական աւանդութեան համաձայն, եկեղեցիէն դուրս բերուած մոմի կրակով կը վառեն նաեւ Տեառնընդառաջի խարոյկը։

Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր  բոլորին

Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր մըն է բոլորին։ Քրիստոս՝Աստուծոյ Միածին Որդին, երկինքէն իջաւ եւ մեր փրկութեան համար աշխարհ եկաւ։ Այս մէկը աստուածային սիրոյ գերագոյն դրսեւորումն է Արարիչէն հեռացած արարածին հանդէպ։ Մարդացած Աստուածորդին ամէն պահ կը դիմէ մեզի՝ Եկէ՛ք ինծի բոլոր յոգնածներդ ու բեռնաւորուածներդ, եւ ես ձեզ կը հանգստացնեմ (Մատթ ԺԱ 28)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2025, 10:12