Որոնել

Երանելի Պարթոլօ Լոնկօ Երանելի Պարթոլօ Լոնկօ 

Մօտիկ ապագային եկեղեցին պիտի ունենայ նոր երկու սուրբեր

Ֆրանչիսկոս Պապը արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու Սուրբերու դատի վերատեսչութեան նոր հրամանագիրերը, որոնք կը վերաբերին երկու նոր սուրբերուն եւ Աստուծոյ ծառաներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

24 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհելով Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթօ Փարոլինի եւ Վատիկանի պետական քարտուղարութեան տեղակալ, գերապայծառ Էտկար Փենա Փառային, արտօնութիւնը տուաւ սուրբերու դատի վերատեսչութեան հրապարակելով երկու նոր սուրբերու եւ Աստուծոյ ծառաներուն վերաբերող հրամանագիրերը։

Մօտիկ ապագային սուրբ պիտի հռչակուին, երանելի Պարթոլօ Լոնկօ եւ երանելի Չիսներոս 

Աշխարական Երանելի Պարթոլօ Լոնկօ, ծնած է Իտալիոյ Լաթիանօ քաղաք, 10 փետրուար 1841ին եւ մահացած է 5 հոկտեմբեր 1926ին։

Երանելի Ճուզէփփէ Կրէկորիօ Հերնանտեզ Չիսներոս, եղած է աշխարական հաւատացեալ մը որ ծնած Վենեզեցուելլայի մէջ՝ 26 հոկտեմբեր 1864ին ու մահացած Քարաքասին մէջ 29 յունիս 1919Ին։

Մինչ Աստուծոյ ծառաները պիտի հռչակուին Հայր Էմիլիօ Ճուզէփէ Քաբաուն, աշխարական Սալվօ Տաքուիսթօ, Հայր Մաուրա Մոնթաներ, Հար Տիտաքօ Պեսի, եւ աշխարական Աստուծոյ աղախին Քունէկոնտա Վիվիէչ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2025, 10:53