Ֆրանչիսկոս Պապին առողջապահական վիճակի պատճառաւ ջնջուած է Յոբելենական ունկնդրութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հանդէս եկաւ նոր յայտարարութեամբ, որով կը տեղեկացուի թէ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջական վիճակի պատճառով շաբաթ օրը՝ փետրուարի 22-ին կայանալիք յոբելենական ընդհանուր ունկնդրութիւնը չեղեալ կը նկատուի։ Իսկ Սարկաւագներուն նուիրուած Յոբելենական Սուրբ Պատարագին համար` որ նախատեսուած է Կիրակի 23 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 9-ին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ, Սրբազան Պապը տնօրինած է, որ զայն մատուցէ Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլան, Աշխարհի մէջ աւետարանական հիմնարար հարցերու բաժանմունքի Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-վերատեսուչը։
Արդարեւ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է Յոյսի Յոբելեանի մեծ ձեռնարկներէն չորրորդը` սարկաւագներուն յատկացուած Յոբելենական ուխտագնացութիւնը, որ սկիզբ պիտի առնէ ուրբաթ օր` 21 Փետրուարի կէսօրէն ետքը ու պիտի աւարտի Կիրակի` 23 Փետրուարին, Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ նախատեսուած սուրբ պատարագով։
Սարկաւագներու Յոբելեանին առիթով Ուրբաթ օր յետմիջօրէին նախատեսուած է «Յոյսի շօշափելի նշաններ սարկաւագական առաքելութեան մէջ» բնաբանով հանդիպում մը` որուն առիթով սարկաւագները պիտի կիսեն իրենց փորձառութիւնները, ապա շաբաթ օր տեղի պիտի ունենայ դէպի Սուրբ Պետրոս տաճարի Սուրբ Դուռ ուխտագնացութիւնը ինչպէս նաեւ Կղերի Վերատեսչութեան կազմակերպութեամբ միջազգային հանդիպում «Սարկաւագները սինոդալ և միսիոներական եկեղեցւոյ մէջ. ըլլալ յոյսի վկաներ» տիտղոսով, որուն երեկոյեան պիտի յաջորդէ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ աղօթքի հսկում մը։
Ապա ինչպէս նշեցինք Կիրակի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ տեղի պիտի ունենայ Յոբելենական ուխտագնացութիւնը եզրափակող Սուրբ Պատարագը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
