Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Աղօթենք անկեղծութեամբ, արտայայտելով մեր սիրտի ցաւն ու ուրախութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Տարուան առիթով ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած միաբանութիւններուն եւ ժողովրդական բարեպաշտութեան միջազգային Բ համագումարին գործադիր կոմիտէի անդամները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 8 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց յոբելինական սուրբ տարուան առիթով ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած միաբանութիւններուն եւ ժողովրդական բարեպաշտութեան միջազգային Բ համագումարին գործադիր կոմիտէի անդամները։ Համագումարը տեղի ունեցած է Սիվիլիայի մէջ դեկտեմբեր 4էն 8։

Նորին Սրբութիւնը մեծ ուրախութեամբ ողջունելով յոբելինական Սուրբ տարուան ուխտաւորները իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ներկաներուն միաբանութիւններուն եւ ժողովրդական բարեպաշտութեան համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերելուն համար, յորդորելով զանոնք ապրելու այդ միջոցառումը որպէս գոհաբանական աղօթք, վկայելով մեծ սէր եւ արձագանգելով համագումարին կարեւորութիւնը ընտանիքներէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր խօսքին մէջ ընդգծեց անկեղծ աղօթքի կարեւորութիւնը, որ կարող է արտայայտել սիրտի ցաւն ու ուրախութիւնը, թէ՛ սրբապատկերներուն առջեւ թէ տարեցներու եւ հիւանդներուն հոգատարութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց կոմիտէի նախաձեռնութեամբ իրականացուած շօշափելի ձեռնարկը՝ անօթեւաններուն համար տուն մը, որ իրականացած է շնորհիւ բարեգործութիւններուն, մաղթելով որ այս վայրին մէջ կարելի է ընկալել սիրող սիրտ ու հասարակութիւնը կարող դառնայ ճանչնալու իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութիւնը։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ ուխտաւորներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար խոստանալով որ ինք եւս պիտի աղօթէ իրենց համար ու պատգամը աւարտեց հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը եւ Տիրամօր հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2025, 10:37