Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ երկարաձգեց կարդինալական դասի աւագ երեցի եւ փոխ երեցի պաշտօնի ժամկէտը

Ֆրանչիսկոս Պապին որոշած պաշտօնի ժամկէտի երկարաձգումը կը վերաբերի կարդինալ Ռէ-ի եւ Կարդինալ Սանտրիին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ երկարաձգեց Կարդինալ Ճովաննի Պաթիսթա Ռէ-ի կարդինալական դասի աւագ երեցի պաշտօնի ժամկէտը ինչպէս նաեւ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի կարդինալական դասի փոխ երեցի պաշտօնի ժամկէտը։

Ֆրանչիսկոս Պապին որոշումը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը՝ 6 փետրուրաին որուն մէջ կը նշուի, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ 7 յունուարին որոշած է կարդինալ Ռէյի պաշտօնի երկարաձգումը մինչ Կարդնալ Սանտրիի պաշտօնի երկարաձգումը որոշած է անցեալ 14 յունուարին։

Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատած է նաեւ, որ կարդինալ Ռոպէրթ Ֆրանսի Փրէվոս՝ եպիսկոպոսներուն վերատեսչութեան վերատեսուչը մաս պիտի կազմէ կարդինալական դասին եպիսկոպոսաց կարգին, շնորհելով անոր Ալպանիոյ եկեղեցւոյ տիտղոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2025, 11:32