2019.02.08  firma dei Patti Lateranensi per 80° anniv. morte Pio XI

11 Փետրուար` Վատիկանի Պետութեան ճանաչումը` եւ Հիւանդներու Համաշխարհային օր

Լատերանեան դաշինքը՝ Եկեղեցւոյ եւ Իտալական պետութեան միջեւ փոխ յարաբերութեանց դաշինքն է, որ ստորագրուեցաւ 11 փետրուար 1929-ին, Պիոս ԺԱ Քահանայապետի օրով։ Այս դաշինքով վերջ գտաւ ''Հռոմէական հարց'' կոչուած կնճռոտ խնդիրը եւ վերջ տրուեցաւ՝ Եկեղեցւոյ ու Իտալական պետութեան միջեւ, 1870-էն ի վեր տիրող լարուածութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Երեքշաբթի 11 փետրուարին կը յիշատակուի Լատերանեան դաշինքին տարեդարձը, որով Վատիկանը ճանչցուեցաւ որպէս անկախ Պետութիւն։

Լատերանեան դաշինքը՝ Եկեղեցւոյ եւ Իտալական պետութեան միջեւ փոխ յարաբերութեանց դաշինքն է, որ ստորագրուեցաւ 11 փետրուար 1929-ին, Պիոս ԺԱ Քահանայապետի օրով։ Այս դաշինքով վերջ գտաւ ''Հռոմէական հարց'' կոչուած կնճռոտ խնդիրը եւ վերջ տրուեցաւ՝ Եկեղեցւոյ ու Իտալական պետութեան միջեւ, 1870-էն ի վեր տիրող լարուածութեան։

11 Փետրուարին, կը նշուի նաեւ Հիւանդի Համաշխարհային օրը որ կը զուգադիպի Լուրտի Տիրամօր Սրբուհի Պերնատէթ Սուպիրույին առաջին երեւումի տարեդարձին (11 փետրուար 1858)։

Յայտնենք որ Հիւանդի համաշխարհային Օրը ամէն տարի կը նշուի 11 Փետրուարին, Լուրտի Տիրամօր տօնին օրը եւ ամէն երեք տարին անգամ մը անիկայ կը կատարուի մեծ հանդիսութեամբ Մարեմեան սրբավայրի մը մէջ։

Յոբելենական տարւոյն պատճառաւ Ֆրանչիսկոս Պապը այնպէս տնօրինեց որ այդ Օրուան հանդիսաւոր արարողութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենալին այս տարի, յետաձգուին 11 Փետրուար 2026ին ու կատարուին Փերուի Արեքիփա քաղաքի «Virgen de Chapi» սրբավայրին մէջ։

Առ այդ Յոբելենական Տարւոյն առիթով Եկեղեցին Հիւանդի Միջազգային օրը կը նշէ թեմական մակարդակով` 11 Փետրուարին, որուն առնչութեամբ հարկաւոր է նշել թէ Հիւանդներու ու առողջապահական աշխարհի գործիչներու Յոբելեանը նախատեսուած է յառաջիկայ 5 եւ 6 ապրիլին մինչ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու Յոբելեանը պիտի նշուի նոյն ամսուայ աւարտին` 28 եւ 29 ապրիլին։

Այսօր կը յիշատակուի նեաւ երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հրաժարականի օրը` արդարեւ Ան 2013-ի Փետրուար ամսուայ 11-ին անակնկալ կերպով եւ ժամանակակից պատմութեան մէջ աննախընթաց քայլով, Կարդինալական ժողովի ընթացքին յայտարարեց իր հրաժարականի լուրը` նոյն տարուայ 28 փետրուարէն սկսեալ ։

Հիւանդի Համաշխարհային 33րդ Օրուան բնաբանն է՝ «Յոյսը յուսախաբ չի թողուր» (Հռոմէացիներ 5:5), որուն առիթով իր հրատարակած պատգամին մէջ Սրբազան Պապը կը հրաւիրէ պահ մը կանգ առնել եւ մտածել տառապողներուն մօտ կանգնած Աստուծոյ ներկայութեան մասին, որ կը բնութագրուի երեք յատկութիւններով՝ հանդիպում, պարգեւ եւ բաժնեկցութիւն:

Հանդիպում Աստուծոյ հետ տառապանքի մէջ

Յիսուս, ուղարկելով եօթանասուներկու աշակերտները առաքելութեան (Ղուկաս 10.9), կը յորդորէ անոնց ըսել հիւանդներուն, որ «Աստուծոյ արքայութիւնը մօտ է», կը գրէ Քահանայապետը իր պատգամին մէջ՝ նկատել տալով, որ հիւանդութիւնը կարող է դառնալ Տիրոջ հետ հանդիպման հնարաւորութիւն։ Հիւանդութիւնը կը յիշեցնէ մեզի մեր փխրունութիւնը եւ կը զգանք Աստուծոյ մօտիկութիւնն ու կարեկցանքը, Ան կը կիսէ մեր տառապանքը: Հիւանդութիւնը կը դառնայ Աստուծոյ հետ հանդիպումի առիթ, եւ այդ հանդիպումը կարող է ուժի աղբիւր ըլլալ՝ մեզ գիտակից դարձնելով, որ միայնակ չենք՝ այդպիսով ցաւը վերածելով փրկութեան առեղծուածի:

Յոյսի պարգեւը

Եւ, այդ մէկը մեզի խորհիլ կու տայ երկրորդ կէտի՝ պարգեւի մասին։ Տառապանքի մէջ կը հասկնանք, որ յոյսը պարգեւ է Տիրոջ կողմէ: Քրիստոսի յարութիւնը մեզի կը վստահեցնէ, որ․ «ոչ մահը, ոչ կեանքը, ոչ հրեշտակները, ոչ իշխանութիւնը, ոչ ներկայ բաները, ոչ գալիքները, ոչ զօրութիւնները, ոչ բարձրութիւնը, ոչ խորութիւնը, ոչ ալ որեւէ այլ արարած կարող են մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն» (Հռոմէացիներ 8:38-39): Այս վստահութիւնէն կը բխի փորձութիւններուն դիմակայելու լոյսը: Յարուցեալը մեր կողքին է՝ որպէս ճանապարհի ընկեր։

Տառապանքի մէջ բաժնեկցութիւն

Երրորդ յատկութիւնը` բաժնեկցութիւն. Տառապանքի վայրերը յաճախ կը դառնան բաժնեկցութեան վայրեր, ուր մարդը կը սորվի յուսալ եւ հաւատալ: Հիւանդներուն մօտ ըլլալով կը հարստացնենք մէկը միւսին՝ բացայայտելով ցաւի մէջ ծնուած անսպասելի սէրը։ Հիւանդները, բժիշկները, բուժքոյրերը, ընտանիքի անդամները եւ ընկերները կը դառնան յոյսի «հրեշտակներ», աստուածային ներկայութեան սուրհանդակներ: Այս փորձառութիւնները, նոյնիսկ փորձութեան մթութեան մէջ, կը լուսաւորեն կեանքը եւ կը սորվեցնեն մեզի սիրոյ եւ մօտիկութեան արժէքը:

«Յոբելենական այս Սուրբ Տարւոյն Հիւանդի Համաշխարհային Օրը մեզ կը հրաւիրէ ճանչնալ կեանքի գեղեցկութիւնն ու յոյսի կարեւորութիւնը նոյնիսկ ամենածանր փորձութիւններու մէջ: Սիրոյ եւ մօտիկութեան իւրաքանչիւր ժեստ, մխիթարութեան իւրաքանչիւր խօսք` կը նպաստէ աւելի մարդկային եւ կարեկցող միջավայրի մը ստեղծումին: Փորձառութիւններու այս խմբերգի մէջ, մենք կարող ենք գտնել իսկական լոյս եւ ջերմութիւն, նոյնիսկ մեծ դժուարութեան պահերուն» կը գրէ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը հիւանդներու համաշխարհային օրուան նուիրուած իր պատգամին մէջ :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2025, 08:00