Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Թող «Աղօթքի ցանցը» մեզի օգնէ ապրելու յոբելինական տարուան հոգին

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» հիմնադրամին անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ Քահանայապետին այսօրուան գործունէութեան հայող այս եւ այլ լուրերը

Հինգշաբթի, 23 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» հիմնադրամին անդամները, ընկերակցութեամբ հիմնադրամի տնօրէն, Հայր Քրիսթոպալ Ֆոնէսի։

Արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը իր ողջոյնները փոխանցեց հիմնադրամի մայրցամաքային համակարգողներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր համագործակիցներուն, որոնք կ՝աջակցին հիմնադրամին՝ կայունութիւն եւ աշխուժացում ապահովուելու համար։

Քահանայապետը ապա ակնարկեց «Dilexit nos» շրջաբերականին մասին նշելով «անոր մէջ կը գտնէք էական սնունդ, որ կը սնուցանէ ձեր առաքելութեան եւ ձեր գործերուն հոգեւորականութիւնը ու ինծի համար շատ հաճելի է, որ դուք այս հոգեւորականութիւնը կը կոչէք «սիրտի ճանապարհ», ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով, որ Սիրտի ճանապարհը, Յիսուսի ուղեւորութիւնն է, Անոր Սուրբ Սիրտին, մարդեղութեան, խաչելութեան, մահուան եւ յարութեան խորհուրդի միջոցաւ, ինչպէս նաեւ մեր սիրտին ուղեւորութիւն է՝ վիրաւորուած մեղքէն...

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ այս սիրտի ուղեւորութեան մէջ մեզ միշտ կ՝առաջնորդէ մեր Մայրը, Աստուածամայրը, որ մեզ կը նախորդէ հաւատքի, յոյսի ուխտագնացութեան մէջ եւ մեզի կը սորվեցնէ մեր սիրտերուն մէջ պաշտպանել Յիսուսի խօսքերն ու ժեսթերը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց յոյս յայտնելով որ աղօթքի համաշխարհային ցանցը մեծապէս նպաստէ Յոբելինական Սուրբ Տարուան, օգնելով անձերուն եւ հասարակութիւններուն ապրելու հոգիով, որպէս ուղեւորութիւն՝ ուր անքակտելիօրէն միացած են աղօթքն ու կարեկցանքը, վերջիններուն համար աղօթքն ու մօտիկութիւնը, ողորմութեան աղօթքն ու աշխատանքները»

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը եւ խնդրելով միացած մնալ աղօթքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2025, 10:00