Ֆրանչիսկոս Պապ. Միայն օգնելու կամ մխիթարելու առիթով կարելի է անձի մը վերէն վար նայիլ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 22 յունուարին, առաւօտեան, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Հիլթոն» հիմնադրամի անդամները ու անոնց փոխանցած ողջոյնի խօսքին մէջ ընդգծեց մարդկային արժանապատուութիւնը խթանելու հրատապութիւնը, դարաշրջանի մը մէջ, որ բնութագրուած է աճող աղքատութեամբ եւ ընկերային մեկուսացումով։
Սրբազան Հայրը ապա գովաբանեց հիմնադրամի գործօն նուիրուածութիւնը, համեմատելով զայն բարի Սամարացիին հետ ու ինչպէս նաեւ հիմնադրամի առատաձեռնութեան եւ անվճար ծառայութեան արժէքը, այնպիսի ոլորտներէն ներս ինչպէս կրթութիւնը, առողջապահութիւնը եւ փախստականներուն օգնութիւնը
«Մի մոռնաք որ միայն մէկ առիթով կամ պատմութեան միայն մէկ գործողութեան մէջ թոյլ կը տրուի անձի մը նայելու վերէն մինչեւ վար, միայն մէկ անգամ, ան ալ օգնելու կամ մխիթարելու համար է։ Կարելի չէ նայիլ անձի մը վերէն վար, անիկա կարելի է միայն օգնելու եւ մխիթարելու համար եւ երբեք չի մոռնաք այս ժեսթը» ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց միանձնուհիներուն կազմաւորումի անհրաժեշտութեան վրայ, նիւթ մը որ թանկ է հիմնադրամին հիմնադիրին՝ Քոնրատ Նիքոլսոսն Հիլթոնի համար, որ իր կտակին մէջ յայտնած է միանձնուհիներուն, աղքատներուն ծառայելու գործերուն աջակցելու փափաքը։
Քահանայապետը բարձր արժեւորեց Հիմնադրամի, Վատիկանի վերատեսչութիւններու հետ թափած ջանքերը՝ միանձնուհիներուն մասնագիտական աճի հնարաւորութիւններ ընձեռելու համար ապա անդրադարձաւ պատասխանատու պաշտօններ ունեցող միանձնուհիներուն քիչ ներկայութեան հարցին, շեշտելով որ պէտք է յաղթահարել կղերապաշտ, արական մտածելակերպը, հրաւիրելով մեծաւոր մայրերը առատաձեռն ըլլալու ու նկատի առնելու տիեզերական եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւորութիւնը, քաջալերելով զանոնք, թոյլ տալու քոյրերուն, կարեւոր դեր ստանձնելու։
Ի Վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հիմնադրամի անխոնջ աշխատանքներուն համար յոյս յայտնելով աշխարհի մը ուր իւրաքանչիւր անհատ կարող է ապրիլ արժանապատուութեամբ ու նպաստել ընկերային փոփոխութեան։ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց օրհնութեամբ եւ աղօթքի խնդրանքով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
