Ֆրանչիսկոս Պապ Քահանայապետական պահակագունդի հիմնադրամի անդամներուն. Ձեր աջակցութիւնը թանկարժէք է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 18 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց քահանայապետական պահակագունդի հիմնադրամի անդամները ու անոնց փոխանցած ողջոյնի խօսքին մէջ յիշեց, որ վերոյիշեալ հիմնադրամը հիմնուած է 25 տարի առաջ, յոբելինական սուրբ տարուան ընթացքին ու հիմնադրամի տարեդարձը կը համընկնի այլ յոբելինական տարուան սկիզբին հետ։
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց հիմնադրամի անդամներուն Հռոմ կատարած ուխտագնացութեան համար ուր կարող են նորոգել իրենց դաւանանքը Առաքեալներուն դամբարաններուն առջեւ։
Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց պահակագունդի ծառայութեան արժէքը ընդգծելով, որ անոնց յանձնառութիւնը միշտ պէտք է աշխուժացած ըլլայ հաւատքի եւ եղբայրսիրութեան հոգիով ու իր երախտագիտութիւնը յայտնեց պահակագունդի հաւատարիմ աշխատանքին համար, որոնց դերը ժամանակի ընթացքին փոխուած է սակայն հիմնական նպատակը կը մնայ պաշտպանել Հռոմի Պապը եւ ողջունել ողջ աշխարհէն ժամանած ուխտաւորները։
Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր արժեւորեց Հիմնադրամի աջակցութիւնը՝ պահակներուն, ընտանիքներուն, ընդգծելով երեխաներուն կրթութեան եւ կազմաւորման կարեւորութիւնը ու կարեւորեց նաեւ ընտանիքներուն ներկայութիւնը, թէ եկեղեցիէն եւ թէ ընկերութեան մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց նաեւ թէ ինչպէս հիմնադրամը կը նպաստէ ապահովուել պահակային ծառայութեան համար անհրաժեշտ արհեստավարժութիւնը, սարքաւորումներ եւ ենթակառոյցները։
Քահանայապետը անդրադարձաւ Հիմնադրամի եւ քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդի միջեւ օրինակելի համագործակցութեան, ընդգծելով համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան կարեւորութիւնը, ոչ միայն համայնքներուն մէջ այլ ողջ եկեղեցիէն ներս։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը եւ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
