Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ . Քրիստոնեաները երբեք թող չդադրին աղօթելէ խաղաղութեան պարգեւին համար

Ֆինլանտիայէն համամիութենական պատուիրակութիւն մը այցելեց Ֆրանչիսկոս Պապին, որոնք Հռոմ ժամանած են Սուրբ Էնրիքոյի ծիսական տօնին առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 20 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆինլանտիայէն համամիութենական պատուիրակութեան անդամները, որոնք Հռոմ ժամանած են Սուրբ Էնրիքոյի ծիսական տօնին առթիւ։

Արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց Ֆինլանտիայի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ նոր եպիսկոպոսը, Արք Էլիաս տի Հէլսինքին ու թեմի բոլոր հաւատացեալները ապա բարձր գնահատեց Ֆինլատիայի եպիսկոպոսին փոխանցած ողջոյնի ջերմը խօսքը  նշելով «Որպէս յոյսի ուխտաւորներ, միասին կը քալենք 2025 սուրբ Տարուան մէջ... Սուրբ Էնրիքոն յոյսի Իքոնն է, որ իր հաստատուն հիմքը կը գտնէ Աստուծոյ մէջ։ Սուրբ Էնրիքոն որպէս խաղաղութեան սուրհանդակ մեզ կը յորդորէ, որ երբեք չդադրինք աղօթելէ խաղաղութեան պարգեւին համար, որովհետեւ Անոր ծիսական տօնը կը շարունակէ միացնել տարբեր եկեղեցիներուն քրիստոնեաներն ու եկեղեցական համայնքները Աստուած փառաբանելու մէջ», ըսաւ ապա անդրադառնալով երգչախումբին, որ ընկերացած է համամիութենական պատուիրակութեան, Նորին Սրբութիւն յարեց «Նիկիոյ հանգանակը, որ մենք բոլորս կը կիսենք, արտասովոր հաւատքի ձայնաշար է եւ այս ճշմարտութեան համանուագը նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսն է։ Ան մարմնացած ճշմարտութիւն է, ճշմարիտ Աստուած, Ճշմարիտ մարդ, մեր Տէրն ու Փրկիչը ու բոլոր անոնք, որոնք կը լսեն այս ճշմարտութեան համանուագը, ոչ միայն իրենց ականջներով, այլ իրենց սիրտով, պիտի յուզուին Աստուծոյ խորհուրդէն, որ մեզի կը հասնի լեցուն սիրտով, իր Որդիին մէջ»ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով որ այս հաւատարիմ սիրոյ վրայ կը հիմնուի յոյսը որ չհիասթափեցներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց ըսելով, .այս Մարմնացած սիրոյ մասին վկայելը համամիութենական կոչում է, բոլոր մկրտուածներուն հաղորդութեան մէջ» ապա հրաւիրեց աղօթելու Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն այցելութեան համար,  բոլորին վրայ հայցեց Աստուծոյ օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2025, 10:21