Ֆրանչիսկոս Պապ. Վալենսիայի աղէտը. Ցեխէն համերաշխութեան լոյս
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 30 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Սպանիոյ տարբեր թեմերէն ժամանած քահանաներուն, նորընծաներուն եւ դաստիարակիչներուն, որոնք անցեալ տարի տուժեցին Տանա կոչուած յառաջացած ջրհեղեղէն, որ պատճառ դարձաւ աւելի քան 200 անձերու մահուան եւ լուրջ վնասներուն։
Արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Յոբելինական Սուրբ Տարուան, յարելով, որ յոբելինական Սուրբ Տարին ուզեց նուիրել յոյսին աւելցնելով որ «յոյսը» երբեմն լաւատեսութիւն չէ, լաւատեսութիւնը թեթեւ արտայայտութիւն է, յոյսը ուրիշ բան է։
Շարունակելով խօսիլ յոյսի մասին Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ թէ չէ կարելի անլուրջ վերաբերիլ մարդոց տառապանքներուն հետ ու զիրենք մխիթարել բարի խօսքերով մատնանշելով որ յոյսը ունի անուն մը՝ Յիսուս, այն Աստուածը որ չի զզուեցաւ մեր ցեխէն ու այդ ցեխէն փրկելու համար ցեխ դարձաւ մեզի համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ քահանայ ըլլալը, այլ Քրիստոս ըլլալ է ինչպէս նաեւ ցեխ դառնալ է ժողովուրդին արցունքներուն մէջ, ցեխ դառնալ է եւ «երբ կը տեսնէք խոցուած անձերը, քանի Վալենսիայի մէջ շատ կան, իրենց կեանքը կտոր կտոր կորսնցուցած անձերը ու անոնց նուիրեցէք ձեր անձը, այնպէս Ինչպէս Քրիստոսը կը կատարէ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ» ըսաւ Ան։
Քահանայապետը ճառը աւարտեց հրաւիրելով Վալենիսայի եպիսկոպոսները, քահանաներն ու նորընծաները իրենց անձը ձրիութեամբ նուիրելու, «քանի որ այն ինչ որ ստացաք ձրիութեամբ ստացաք ու երբեք մի մոռնաք ձրիութիւնը։ Նորին Սրբութիւն ապա խնդրեց ինչպէս միշտ, որ աղօթեն իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
