Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի Վատիկանի Հանրային անվտանգութեան տեսչութեան ղեկավարներուն ու անձնակազմին հետ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Նոր Տարուան առիթով, Հինգշաբթի, 23 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Վատիկանի Հանրային անվտանգութեան տեսչութեան ղեկավարներուն ու անձնակազմին հետ՝ բոլորին մաղթելով խաղաղ 2025 թուական՝ յոբելինական տարի։
Արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ընդգծեց Յիսուս Քրիստոսին նայելու կարեւորութիւնը, «Ան որ յոյս, օրհնութիւն եւ ներում կը շնորհէ» ու հրաւիրեց անցնելու Սուրբ դուռէն, նշելով որ «այդ ժեսթը կը ներկայացնէ վերանորոգումի, վերսկսելու փափաք մը, նաեւ բոլոր անոնց համար որոնք չեն ճանչնար հաւատքի պարգեւը»։
Ֆրանչիսկոս Պապը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հանրային անվտանգութեան վերատեսչութեան ղեկավարներուն անձնակազմին կատարած աշխատանքներուն համար ընդգծելով, որ անոնց նուիրուածութիւնը, արհեստավարժութիւնը, առատաձեռնութիւնը, Վատիկանի մէջ կ՝ապահովուեն անվտանգութիւնը ինչպէս նաեւ իր հովուական ծառայութեան այցելութիւններու անվտանգութիւնը, նկատել տալով նաեւ որ անոնց պարտականութիւնը կը պահանջէ պատրաստակամութիւնը քաջութիւնը, որոնք յաճախ կատարուած են փափկանկատութեամբ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց Վատիկանի հանրային անվտանգութեան վերատեսչութեան ղեկավարներուն, անձնակազմին աշխատանքի կարեւորութիւնը՝ ընդհանուր բարօրութեան ծառայութեան մէջ քաջալերելով զանոնք խոնարհ մնալու գիտակցելով Աստուածային օգնութեան եւ օրհնութեան կարիքը։
Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց իր խօսքը ապահովուելով իր աղօթքը ներկաներուն, անոնց ընտանիքներուն համար խնդրելով ապա որ աղօթեն իրենց համար շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը ու հայցեց Տիրամօր եւ Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետին բարեխօսութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
